Այլազան. 8 Հնար` Լուսանկարներուն Վրայ Սիրուն Երեւալու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Կը խուսափիք նկարուելէ` մտածելով, որ ֆոթոժենիք չէք եւ, հետեւաբար, տգեղ պիտի երեւիք…

Ահաւասիկ քանի մը հնար` լուսանկարներուն վրայ սիրուն երեւալու համար:

1

Նախքան լուսանկարուիլը` հայելիի մը առջեւ մարզուեցէք:  Այո, մարմնի տարբեր դիրքեր, դէմքի տարբեր արտայայտութիւններ, ժպիտ, խնդուք… նայեցէք` ո՛ր մէկը կը յարմարի ձեզի, եւ այդ դիրքն ու դէմքի արտայայտութիւնը ընդմիշտ որդեգրեցէ՛ք:

2

Ձեզ նկարողէն պահանջեցէք, որ շատ մօտէն չնկարէ, նաեւ զգուշացէք, որ արեւին ճառագայթները ձեր դէմքին չըլլան, որպէսզի փակ աչքերով կամ դէմքի ծամածռութիւններով չյայտնուիք նկարին վրայ:

3

Ոտքի նկարուելու պարագային, մէկ ոտքի վրայ կռթնեցէք, նկարը աւելի բնական եւ ձեր կեցուածքը աւելի սլացիկ կ՛երեւի:

4

Աւելի նիհար երեւալու համար երեք-քառորդով կողմնակի կեցէք, գլուխը թեթեւօրէն բարձրացուցէք «զոյգ կզակ»-էն խուսափելու համար: Հրաժարեցէք գծաւոր հագուստներէն, նախապատուութիւնը տուէք «վէ.» օձիքներուն: Այս բոլորը կը նպաստեն, որպէսզի աւելի նիհար երեւիք:

5

Ուրախ երեւելու համար երբեք դէպի վար մի՛ նայիք, այլապէս ձեր դէմքը տխուր, մելամաղձոտ արտայայտութիւն կ՛ունենայ: Նայեցէք ձեր դիմաց` հորիզոնը…

6

Թեթեւօրէն շպարուեցէք դէմքի որոշ թերութիւններ ծածկելու համար:

7

Ձեր մազերը արձակեցէ՛ք: Դէպի ետեւ հաւաքուած մազերով ձեր դէմքը բոլորովին մէջտեղ կը մնայ, եւ պզտիկ թերութիւնները կը շեշտուին: Եթէ ակնոց կը կրէք, հանեցէք զանոնք, որպէսզի դէմքին գիծերը մեղմանան: Ընտրեցէք միագոյն հագուստ, նախընտրաբար`  բաց, վառ գոյնով: Այս բոլորը կ՛օգնեն, որպէսզի նկարին վրայ աւելի երիտասարդ երեւիք:

8

Որպէսզի ձեր խնդուքը բնական ըլլայ, հրաժարեցէք նշանաւոր «Չիիզ»-էն… մտաբերեցէք զուարճալի դէպք մը եւ խնդացէք:

 

Ծանր Պայուսակը Հոգեկան
Խանգարում Կը Պատճառէ

Որքան ծանր է ձեր պայուսակը, այնքան մեծ է հոգեկան խանգարման մատնուելու հաւանականութիւնը: Այս եզրակացութեան յանգեր են Սինկափուրի եւ Հոնքոնկի ազգային համալսարաններու գիտնականները:

Լուրջ ուսումնասիրութեան մը աւարտին մասնագէտները փոխադարձ կապ հաստատեր են պայուսակի ծանրութեան եւ հոգեկան վիճակի միջեւ: Պարզուեր է, որ պայուսակին ծանրութիւնը ուղղակիօրէն կ՛ազդէ մարդու տրամադրութեան վրայ եւ հոգեկան խանգարում կը յառաջացնէ:

Գիտնականներու կարծիքով, ծանր բեռ ունենալը տխուր մտքեր կը յառաջացնէ մարդոց մօտ: Մասնագէտները կը նշեն, որ ատիկա տեղի կ՛ունենայ ենթագիտակցութեան մակարդակով, եւ այդ գործընթացը վերահսկելը անհնար է:

Այս հաստատումը մեզ կրկնակիօրէն կը մտահոգէ, երբ կը մտածենք մեր դպրոցականներուն եւ անոնց արտակարգօրէն ծանր պայուսակներուն մասին:

 

Ընթերցումը Կ՛աշխուժացնէ
Յիշողութիւնը

Կարդալը, գրելը, խաչբառ լուծելը կը պահպանեն մտքի պայծառութիւնը` մինչեւ խոր ծերութիւն, յայտնած են Շիքակոյի Ռաշի համալսարանին մասնագէտները:

Ըստ գիտնականներուն, եթէ ուղեղը մշտապէս մարզուի, կարելի է կանխարգիլել յիշողութեան հետ կապուած հարցերը. աւելի՛ն, կարելի է նոյնիսկ կանխել ալցայմըր հիւանդութեան զարգացումը:

Գիտնականներուն գիտափորձին արդիւնքները ցոյց տուած են, որ յառաջացած տարիքին մնայուն ընթերցումը, մտաւոր ունակութիւններու նուազման գործընթացը կրճատած է 32 առ հարիւրով, իսկ չկարդալը նոյն գործընթացը արագացուցած է 48 առ հարիւրով:

Գիտէ՞ք, թէ…

  • Երբ կը կարդաք յօրանջելու մասին, ինքնաբերաբար դուք ալ կը յօրանջէք:
  • Անցեալին գիրքերը դարաններուն վրայ կը շարուէին հակառակ ուղղութեամբ` կազմով դէպի պատը:
  • Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ 4-6 տարեկան փոքրիկին կարդալ սորվեցնելը շատ աւելի դիւրին է, քան` 6-7 տարեկան փոքրիկին:
  • Միջին հաշուով, շաբաթական մարդիկ 6,5 ժամ կը տրամադրեն ընթերցումի:
  • Հրատարակուած գիրքերուն 68 տոկոսը կիները կը գնեն:
  • Շուկայի վրայ գտնուող գիրքերուն կէսը կը գնեն 45 տարիքը անց մարդիկ:
  • Ամերիկեան ուսումնասիրութիւններու համաձայն, երրորդ դասարանին գէշ կարդացող երեխաներուն երեք քառորդը նոյն ձեւով կը շարունակէ մինչեւ բարձրագոյն կարգերը:

 

Տան Յարդարանք

Դասաւորումի Հետաքրքրական
Գաղափարներ

Շատեր կը գանգատին, թէ իրենց տունը փոքր է, պահարանները լեցուն են եւ շատ մը ապրանքներ մէջտեղերը կը թափառին… Նման կացութեան մէջ գտնուող տանտիկիններուն համար` ահաւասիկ հետաքրքրական գաղափարներ, որոնք կրնան մասամբ լուծել դասաւորումի մտահոգութիւնը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ա.- Նկարին վրայ կը տեսնենք տիւան մը, որուն վարի մասը 5 մասերու բաժնուած է, եւ ուր կարելի է տեղաւորել մանուկներուն խաղալիքներուն եւ գիրքերուն մէկ մասը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Բ.- Գրպաններով օժտուած այս կախիչը կարելի է հաստատել պահարանին փեղկին կամ սենեակին դրան ետեւ: Գրպաններուն մէջ կարելի է շարել գուլպաներ, կօշիկներ, փոքրիկներու սպիտակեղէն եւ այլն…

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Գ.- Պահածոյի զանազան չափի տուփեր ներկելէ ետք կարելի է հաստատել պատին վրայ եւ մէջը տեղաւորել ձեր պատանիին զանազան իրերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Դ.- Աստիճաններուն տակ, կորսուած անկիւն մը կարելի է վերածել գրադարանի եւ շարել մէջտեղերը թափառող բոլոր գիրքերն ու շաբաթաթերթերը:

 

Խոհագիր

Թապուլէի Նոր Տարբերակ

Բաղադրութիւն` 6 անձի համար

– 250 կրամ ճերմակ, մանր ձաւար
– 3 լոլիկ
– 1 դդում
– 1 կարմիր, անուշ պղպեղ
– Պզտիկ տուփ մը կորեկ
– Պզտիկ տուփ մը ոլոռն
– 1 ճերմակ սոխ
– Քանի մը տերեւ անանուխ
– Քանի մը տերեւ գինձ
– Քանի մը տերեւ ազատքեղ
– Ձէթ
– 3 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– Աղ, կարմիր փոշի պղպեղ
– Անանուխի տերեւներ եւ թոմաթ սըրիզ` զարդարանքի համար:

Պատրաստութիւն

Աղցանի ամանի մը մէջ լեցուցէք ձաւարը, աւելցուցէք քառորդ լիթր ջուր: Մանրալիքին մէջ եփեցէք չորս վայրկեան: Հանեցէք, եւ պատառաքաղի մը միջոցով խառնեցէք հատիկները իրարմէ բաժնելու նպատակով: Ձաւարին աւելցուցէք ձէթը, կիտրոնի հիւթը, աղը, կարմիր փոշի պղպեղը եւ խառնեցէք:

Բանջարեղէնները լուացէք, մանր, խորանարդաձեւ կտրտեցէք եւ ձաւարին աւելցուցէք, նոյնպէս ալ` ոլոռնն ու կորեկը:

Կանաչեղէնները լուացէք, մանրեցէք եւ աւելցուցէք խառնուրդին եւ խառնեցէք:

Խառնուրդը լեցուցէք կարկանդակի կաղապարի մը մէջ` բերնէ բերան, թեթեւ ճնշելով: Երեսը ծածկեցէք կերպընկալ թերթով եւ առնուազն ժամ մը սառնարանը պահեցէք:

Հրամցնելու պահուն կաղապարը շրջեցէք ներկայանալի, բաց ամանի մը վրայ եւ երեսը զարդարեցէք թարմ անանուխի տերեւներով եւ մանր լոլիկներով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Այց Հին Պարտէզին

Նստած եմ մինակ ու մտիկ կ՛ընեմ
Ոտնաձայնը բութ` փախչող օրերուն…
Մեկնէին անոնք ձմրան հովին հետ
Ու դառնային ե՛տ, իբրեւ նոր գարուն:

Հունչն իսկ այս բառին կը տանի զիս ե՛տ,
Ու կը տեսնեմ ես պարտէզ մը հեռուն,
Ուր մանկութիւնս իմ թիթեռ մ՛էր անփոյթ,
Որ ծաղկէ-ծաղիկ կ՛անցնէր օրն ի բուն:

Պարտէզը պատեց հրդեհ մը յանկարծ…
Բոցին մէջ որուն սուզուեցաւ անհետ
Մանկութիւնս իմ վաղ, դեռ նոր բացած թեւ,
Ու դարձաւ մոխիր` ծաղիկներուն հետ:

Հիմա որ ճամբո՛րդ մըն եմ յոգնաբեկ,
Ու դժուար կ՛առնեմ քայլերս վերջին,
Ես միայն միտքո՛վ կ՛ըլլամ այցելուն
Իմ մանկութեանս հետ այրա՛ծ պարտէզին:

ՎԱՀԷ-ՎԱՀԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES