«Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» Սրահին Մէջ. Շնորհահանդէս Յակոբ Պարոյր Կոճիկեանի «Հանգոյց» Գիրքին

Երէկ` չորեքշաբթի, 17 յուլիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յակոբ Պարոյր Կոճիկեանի երկրորդ` «Հանգոյց» խորագիրով գիրքին շնորհահանդէս:

Ձեռնարկին ներկայ էր արուեստասէրներու եւ ժողովուրդի բազմութիւն մը:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Քրիսթինա Սրապոնեան: Ապա գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Վիգէն Քէշիշեան` սրինգ, Գէորգ Քէօշկերեան տհոլ, Յակոբ Քելուկեան` տուտուկ: Եռեակը հնչեցուց շարք մը ժողովրդային երգեր: Լուսին Տեմիրճեան ներկայացուց «Սարերի հովին մեռնեմ» մեներգը: Քրիսթինա Սրապոնեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Մայրենի լեզու» բանաստեղծութիւնը: Նժդեհ Պոտրումեան մեներգեց «Թամամ աշխարհ» եւ «Քանի վուր ճանիմ» երգերը, իսկ մենապար մը կատարեց Փաթիլ Կոճիկեան:

Աւարտին խօսք առաւ «Հանգոյց» գիրքի հեղինակ Յակոբ Պարոյր Կոճիկեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքին մեկենասներուն եւ ներկաներուն: Կոճիկեան նշեց, որ գիրքին պատրաստութիւնը տեւեց 17 ամիս, եւ սկիզբը Աստուածաշունչէն համար մը զետեղած է, այն հաւատքով, որ Աստուած իր ծրագիրը յաջողեցուցած է: Ապա ան հակիրճ նախաբան մը կատարեց գիրքին նիւթին շուրջ, որ կը ներկայացնէ գիւղի մը մէջ զոյգի մը սիրային կեանքը, արկածախնդրութիւնը: Անոնք դժբախտ պատահարներու հանդիպելէ ետք կը վերահաստատեն իրենց սիրոյ խոստումը:

Շնորհահանդէսի աւարտին Յակոբ Պարոյր Կոճիկեան ներկաներուն մակագրեց իր գիրքէն օրինակներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES