Անթիլիասի Ու Պիքֆայայի Մէջ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Հետ Առնչուած Շինարարութիւնները Կը Շարունակուին
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու շարքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ձեռնարկած է նաեւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ նահատակաց նուիրուած առաջին մատրան հիմնական վերանորոգութեան աշխատանքին: Իսկ Պիքֆայայի վանքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով բարձրացած յուշարձանին շուրջ սկսած են իրագործուիլ շինարարական նոր ծրագիրներ` նուիրուած 100-ամեակին:
Վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը եւ յատկապէս կաթողիկոսարանի շինարարական ծրագիրներով զբաղող ճարտարապետներու յանձնախումբը մօտէն կը հետեւին յիշեալ եւ այլ ծրագիրներու իրագործման:
CATEGORIES Գաղութային



