Ակնարկ. Ինքնարդարացման Ձախող Փորձ Եւ Տողատակի Սպառնալիք
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Եգիպտոսի նախագահական բանբեր Ահմետ Մուսլումանիի այն յայտարարութենէն ետք, թէ Գահիրէ կը մերժէ 30 յունիսին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութեանց շուրջ Թուրքիոյ յայտարարութիւնները եւ զանոնք «եգիպտական ներքին հարցերուն մերժելի միջամտութիւն մը» կը նկատէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու եւ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լեւենթ Կիւմրիւքճիւ փորձեցին անջատ, սակայն համակարգուած ջանքով մը իրենց երկրին կեցուածքը արդարացնել:
Տաւութօղլու յայտնեց, որ թրքական կողմէն հնչած կեցուածքները պէտք չէ Եգիպտոսի ներքին հարցերուն միջամտութիւն նկատել, եւ իր երկրին կեցուածքը արդարացնել փորձելով ըսաւ, թէ «այլապէս յեղաշրջումը պաշտպանած եւ նոր կառավարութեան շնորհաւորական պատգամներ յղած երկիրները եւս Եգիպտոսի հարցերուն միջամտած կ՛ըլլան», ինչ որ ձախող փաստարկ մըն է, որովհետեւ, ըստ ընդունուած կարգի, երբ երկրի մը մէջ նոր կառավարութիւն մը կը կազմուի, այլ երկիրներ շնորհաւորական ուղերձներ կը յղեն, կամ այդ արարողակարգը զանց առնելով նշեալ երկրին նոր կառավարութիւնը չճանչնալու պատգամը կը փոխանցեն: Անկասկած, Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը այս արարողակարգին քաջածանօթ է, սակայն կը թուի, թէ «մոռցած է»:
Այդ ապիկար փաստարկին կողքին, Տաւութօղլու ինքզինք հակասեց, երբ նշեց, թէ «կարեւորը այն է, որ ընտրովի կառավարութիւնը վերատիրանայ իր լիազօրութեան», ապա շարունակելով թրքական իշխանութեանց «փորին ցաւը» բացայայտեց, երբ ըսաւ. «Այլապէս, նոյնպիսի զարգացումներ կրնան տեղի ունենալ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ»: Այստեղ անշուշտ «բազմաթիւ այլ երկիրներ» ըսելով նկատի ունի միայն մէկ երկիր` Թուրքիան, ուր եգիպտական դիպաշարը յիշեցնող հակակառավարական ցոյցերը կը շարունակուին, թէեւ ներկայ հանգրուանին նուազ տարողութեամբ:
Միւս կողմէ, երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Կիւմրիւքճիւ կը յայտարարէ, որ «Թուրքիա Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի պաշտօնազրկումը ոչ ժողովրդավար արարք մը կը նկատէ», սակայն «եգիպտական հարցերուն միջամտելու մտադրութիւն չունի», տողատակի սպառնալիք մըն է, որ կ՛ուղղէ: Ան ըսել կ՛ուզէ, որ Թուրքիա «եգիպտական հարցերուն միջամտելու մտադրութիւն չունի», սակայն կարողութիւնը ունի եւ զայն որեւէ պահու կրնայ անուղղակի կամ ուղղակի կերպով օգտագործել` իրագործելու համար այն, ինչ որ Տաւութօղլուն կը նշէր իբրեւ «կարեւորը»` ընտրովի (իմա՛ Մուրսիի) կառավարութեան իր լիազօրութեան վերատիրացումը:

