«Եգիպտոսի Զարգացումներով Թուրքիոյ Հետաքրքրուիլը Ներքին Հարցերու Միջամտութիւն Պէտք Չէ Նկատուի» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ զինուորական յեղաշրջումը քննադատելը եւ այդտեղ ստեղծուած կացութեամբ մտահոգուած ըլլալը Եգիպտոսի ներքին հարցերուն միջամտութիւն չի նշանակեր:

«Եգիպտոս Թուրքիոյ համար մտերիմ բարեկամ եւ կարեւոր դաշնակից է, եւ այդտեղի զարգացումները ամբողջ Միջին Արեւելքի վրայ ազդեցութիւն ունին», ըսաւ ան:

«Մենք Եգիպտոսի քաղաքական դաշտի բոլոր կողմերը մեր եղբայրներն ու բարեկամները կը նկատենք: Շրջանը, առաւել քան երբեւիցէ, Եգիպտոսի մէջ կայունութեան վերականգնման կարիք ունի», նշեց Տաւութօղլու` աւելցնելով, որ «ատոր համար ալ բոլորը պէտք է ջանք թափեն, որ եգիպտացի ժողովուրդին կամքը արտայայտուի»:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ «Թուրքիա Եգիպտոսի նկատմամբ որդեգրած է քաղաքականութիւն մը, որ եգիպտացի ժողովուրդին նկատմամբ վստահութիւնը կը շեշտէ եւ իրաւամբ մտահոգ է Եգիպտոսի մէջ ժողովրդավարականօրէն ընտրուած առաջին նախագահին տապալումով»:

«Այդպիսի մտահոգութիւններ արտայայտելն ու իր օրինականութիւնը ժողովուրդին վրայ հաստատող քաղաքական հոլովոյթի մը սկսումը պահանջելը պէտք չէ իբրեւ ներքին հարցերու միջամտութիւն ընկալուի: Այլապէս, յեղաշրջումը պաշտպանած եւ նոր կառավարութեան շնորհաւորական պատգամներ յղած երկիրները եւս Եգիպտոսի հարցերուն միջամտած պիտի ըլլան», ըսաւ ան:

Տաւութօղլու ընդգծեց, որ «Թուրքիա Եգիպտոսին 2 միլիառ տոլարի փոխատուութեան ճամբով ելեւմտական օժանդակութիւն ցուցաբերած է եւ (Եգիպտոսի մէջ) ունի ներդրումներ, որոնք երկրին մէջ յիսուն հազար անձերու աշխատատեղիներ կը տրամադրեն: Այս առումով, Թուրքիա-Եգիպտոս յարաբերութիւնները երբեք պիտի չընդհատուին: Կարեւորը այն է, որ ընտրովի կառավարութիւնը վերատիրանայ իր լիազօրութեան: Այլապէս նոյնպիսի զարգացումներ կրնան տեղի ունենալ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ, եւ վերջիններս կրնան իրենց նախագահները փոխել յեղաշրջումներու անվերջանալի շարքով մը»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լեւենթ Կիւմրիւքճիւ յայտնեց, որ «Թուրքիա կոչ կ՛ուղղէ` Եգիպտոսի մէջ ժողովրդավարութեան վերականգնման»` շեշտելով, որ «Թուրքիա Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի պաշտօնազրկումը ոչ ժողովրդավար արարք մը կը նկատէ»:

Ան ըսաւ, որ «Թուրքիա եգիպտական հարցերուն միջամտելու մտադրութիւն չունի»` նշելով, որ «Եգիպտոսի իրադարձութեանց վերաբերեալ մեր կեցուածքը յայտնի է, եւ մենք զայն մեր օտար գործընկերներուն կը փոխանցէինք եւ կը փոխանցենք»:

«Անգարայի կեցուածքին ամփոփումը այն է, որ Մուրսի ոչ ժողովրդավար կերպով պաշտօնազրկուեցաւ», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ «թուրք պաշտօնատարներու յայտարարութեանց մէջ Եգիպտոսի ներքին հարցերուն միջամտութեան փորձ մը պէտք չէ տեսնել»` վստահեցնելով, որ «մենք այդ միջամտութիւնը կատարելու մտադրութիւն չունինք, եւ Եգիպտոս մեզի համար կարեւոր գործընկեր մըն էր ու կը շարունակէ մնալ, ինչպէս նաեւ մեր եւ այդ երկրին միջեւ պատմական ամուր յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին, իսկ մենք այդտեղի դէպքերէն մտահոգուած ենք»:

Share this Article
CATEGORIES