ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՆԻՍՏԻՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ Մինսքի մէջ մասնակցեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:

Նախարարներուն նիստը սկսաւ նեղ կազմով, ապա շարունակուեցաւ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:

Արտաքին գործոց նախարարները նիստին ընթացքին քննարկեցին կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն միջեւ արտաքին քաղաքականութեան համակարգման նպատակով իրականացուող աշխատանքները, միջազգային եւ շրջանային կազմակերպութիւններուն հետ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան համագործակցութեան եւ կազմակերպութեան գործունէութեան առնչուող այլ խնդիրներ:

Կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի 2010-ի դեկտեմբերեան որոշումներուն իրականացման ընթացքը, անդրադարձան միջազգային իրադրութեան զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան ծիրին մէջ գործող համակարգման մեքանիզմներու գործունէութեան:

Նախարարական խորհուրդի օրակարգին վրայ կը գտնուէին նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան խաղաղապահ ուժերու գործունէութեան առնչուող հարցերը, արտաքին քաղաքականութեան, անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հարցերով կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու միջեւ խորհրդակցութիւններու կայացման ծրագիրին նախագիծը:

Նախարարական խորհուրդէն ետք, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ընդունեց Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES