«ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆՔ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Հայաստանի ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսը երէկ կայացուց իր հերթական հանրահաւաքը: Ազատութեան հրապարակը լեցուն չէր, եւ ՀՀՇ վարչութեան նախագահ Արամ Մանուկեան ատիկա բացատրեց ճամբաներու փակ ըլլալուն պատճառով:
Ան նշեց, որ ժողովրդավարութիւն խաղցող իշխանութիւնները փակած են Երեւան տանող բոլոր ճամբաները, երթուղային փոխադրակառքերը չեն աշխատած, իսկ մեթրոն նոյնպէս կեցած է:
Խօսք առաւ վերջերս ազատ արձակուած «Հայկական ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Նիկոլ Փաշինեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ իրենց հիմնական պահանջը կը շարունակէ մնալ արտակարգ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններու կայացումը: Իսկ իշխանութեան խօսքերը, թէ արտակարգ ընտրութիւններու նախադրեալներ չկան, իրականութեան չեն համապատասխաներ:
Նիկոլ Փաշինեանէն ետք խօսք առաւ Սասուն Միքայէլեան: Ան յայտարարեց, որ իշխանութեան հետ սկսած երկխօսութիւնը կարելիութիւն պիտի տայ քաղաքակիրթ ճամբով իշխանութիւնը ժողովուրդին վերադարձնելու:
Ելոյթ ունենալով, Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան յայտարարեց, որ Քոնկրեսի երեք պահանջներուն իրագործման հանգամանքը նկատի ունենալով, իրենք արդէն պատրաստ են` «իշխանութեան հետ պաշտօնական, այսինքն` պատուիրակութիւններու մակարդակով երկխօսութեան»:
«Յառաջիկայ օրերուն մենք պիտի որոշենք մեր պատուիրակութեան կազմը, որ բաղկացած պիտի ըլլայ 3-5 հոգիէ, եւ իշխանութեան պիտի ներկայացնենք երկխօսութեան մեր օրակարգը: Քոնկրեսի օրակարգը յայտնի է` արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացում, բայց ատիկա չի նշանակեր, թէ մենք պէտք չէ հաշուի առնենք նաեւ իշխանութեան ներկայացուցած օրակարգը եւ հակաառաջարկները, այլապէս պիտի խախտի կողմերու իրաւահաւասարութիւնը», յայտարարեց Տէր Պետրոսեան: