ԻՐԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ԻՐԱՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻՆ

«Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհին Թեհրանի մէջ գումարուած Իրան-Հայաստան միացեալ յանձնախումբի 10-րդ նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան Իրանի սերտ բարեկամը եւ դրացին է: Ըստ անոր, Իրան եւ Հայաստան ունեցած են վաղեմի յարաբերութիւն եւ անոնց յարաբերութիւնը յաւիտենական է: Այս նիստը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ուժանիւթի նախարար Արմէն Մովսիսեանի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան մասնակցութեամբ:

Հանդիպումներուն ընթացքին Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուեցաւ տնտեսական համագործակցութեան փաստաթուղթ մը` բազմաբնոյթ մարզերու մէջ:

Իրանի փոխադրամիջոցներու նախարարութեան տեղակալը, Արմէն Մովսիսեանի հետ բանակցութեան ընթացքին, իրանցի կապալառուներուն պատրաստակամութիւնը յայտնեց Հայաստան-Իրան 500 քիլոմեթր երկարութեամբ երկաթուղիին կառուցման համար:

Share this Article
CATEGORIES