ՀՅԴ Քանատայի 43-րդ Շրջանային Ժողով
Յուլիս 5-7 Մոնրէալի մէջ կայացաւ ՀՅԴ Քանատայի 43-րդ Շրջանային ժողովը, մասնակցութեամբ Վանքուվըրի, Թորոնթոյի, Լաւալի, Քեմպրիճի, Ս. Քաթրինզի Մոնրէալի եւ Համիլթընի կոմիտէութեանց պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական եւ ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեանց պատգամաւորներուն: Ժողովին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու եւ ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէներուն ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:
Եռօրեայ նիստերուն ընթացքին քննարկուեցան Հայ դատի, կազմակերպական, քարոզչական, եւ համագաղութային հարցեր եւ անոնց լուծման ի խնդիր տրուեցան համապատասխան որոշումներ:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին ժողովը հունաւորեց Քանատայի մէջ Հայ դատի աշխատանքներուն յառաջիկայ ռազմավարութիւնը:
Ժողովը հանգամանօրէն քննարկման բովէ անցուց Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած տագնապը եւ հաստատեց իր զօրակցութիւնը Սուրիոյ գաղութին:
Ժողովը յատուկ ուշադրութեամբ քննարկման սեղանի վրայ բերաւ հայապահպանման խնդիրը` յատուկ շեշտ դնելով ապագայ սերունդներու ազգային ինքնութեան պահպանումը երաշխաւորող հայեցի դաստիարակութեան հարցին վրայ:
Շրջանային ժողովը վերահաստատեց նաեւ ՀՅԴ Քանատայի շրջանի յանձնառութիւնները հայրենիքի հզօրացման եւ հայութեան պատմական իրաւունքներու վերականգնման գծով:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ 2013-2015 տարեշրջանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմը:

