Մեծ Յաջողութեամբ Պսակուեցան ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 38-րդ Մարզախաղերն Ու Փառատօնը
ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան եւ Նաւասարդեան մարզախաղերու յանձնախումբին ճիգերով 3-6 յուլիսին տեղի ունեցան ՀՄԸՄ-ի մարզախաղերն ու փառատօնը` Պըրմինկհեմ Հայ սքուլին մէջ, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Քալիֆորնիոյ 18 մասնաճիւղերու մարզիկներու, սկաուտներու, ամէն տարիքի միութենականներու եւ ժողովրդային հոծ բազմութեան: Չորսօրեայ փառատօնին ընթացքին ՀՄԸՄ յաջողեցաւ իր միութենական վահանին տակ համախմբել աւելի քան երեսունհինգ հազար հայեր, որոնք անգամ մը եւս եկան իրենց յարգանքն ու նուիրուածութիւնը յայտնելու Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան եւ անոր ազգանուէր գործունէութեան:
Չորս օրերու ընթացքին Հայ սքուլի մարզադաշտերը յորդեցան խանդավառ մարզիկներով եւ զիրենք քաջալերելու եկած հարազատներու ներկայութեամբ: Պասքեթպոլ, ֆութպոլ, վոլիպոլ, մէկ քայլ ոստում, լող, թենիս եւ փինկ-փոնկ. ահա՛ այն մարզախաղերը, որոնք կիրարկուեցան մեծ ոգեւորութեամբ: Առաջին անգամ ըլլալով այս փառատօնը ընդգրկեց նաեւ մանկական յատուկ խաղավայր մը, ուր փոքրիկները առիթը ունեցան առաւելագոյն չափով զուարճանալու:
Ինչ կը վերաբերի մրցաշարքերու արդիւնքներուն, ապա պասքեթպոլի առաջնութիւնը խլեց «Արարատ» մասնաճիւղը: Ֆութպոլի մէջ առաջին հանդիսացաւ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը, վոլիպոլի Ա. տեղը գրաւեց «Մասիս»-ը, մէկ քայլ ոստումի առաջին դիրքը խլեց «Ազատամարտ»-ը, լողի մէջ առաջնութիւն ստացաւ «Մասիս»-ը, թենիսի մրցաշարքի աւարտին Ա. հանդիսացաւ «Սարդարապատ»-ը, փինկ-փոնկի առաջնութիւնը խլեց «Արարատ»-ը:
Փառատօնի իւրաքանչիւր գիշեր յատկանշուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրով: Ամէն երեկոյ մթնոլորտը խանդավառեցին հայաստանցի եւ սփիւռքահայ հանրածանօթ երգիչներ, որոնք հանդէս եկան ժողովրդային, ազգային ու յեղափոխական շարք մը երգերով:
Չորսօրեայ փառատօնին ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի 18 մասնաճիւղեր, հայկական տարբեր հաստատութիւններ եւ ուտեստեղէնի ներկայացուցիչներ մարզադաշտի համալիրին մէջ տեղադրուած կրպակներու ճամբով մեծապէս նպաստեցին փառատօնի յաջողութեան:
ՀՄԸՄ-ի 38-րդ Նաւասարդեան մարզախաղերուն նուիրուած փառատօնը յատկանշուեցաւ 18 մասնաճիւղերու տողանցքով: Տողանցքը եզրափակուեցաւ պաշտօնական բաժինով մը, որուն ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան, շերիֆ Լի Պաքա, Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի անդամ Պրետ Շըրմըն, Նաւասարդեան յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մհեր Դաւիթեան, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Վիգէն Դաւթեան եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ի ներկայութեան փառատօնի պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ալին Նուռեաններու, «Տիպար ՀՄԸՄ-ական» Զարեհ Էքմեքճեանի, ինչպէս նաեւ` պաշտօնական հիւրերու, որոնց շարքին էին Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի հիւպատոս Արտակ Գալուստեան, Լիբանանի հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Եագուպեան եւ շրջանի միութիւններու ու քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Տողանցքի աւարտին տեղի ունեցաւ հրավառութիւն: Յայտնենք, որ առաջին անգամ ըլլալով ՀՄԸՄ-ի 38-րդ մարզախաղերու տողանցքը ուղիղ եթերով սփռուեցաւ «US Armenia» հեռատեսիլի կայանէն:
Նշենք նաեւ, որ ՀՄԸՄ-ի 38-րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու յաղթանակի պարահանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 29 յունիս 2013-ին, պատուոյ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ալին Նուռեաններու, ներկայութեամբ աւելի քան ութ հարիւր ՀՄԸՄ-ականներու եւ հիւրերու:
Երեկոն խանդավառեց գաղութի սիրուած երգիչ Յարութ Փամպուքճեանը: Պարահանդէսին ընթացքին 38-րդ մարզախաղերու «Տիպար ՀՄԸՄ-ական»-ի պատուոյ գիրը յանձնուեցաւ Զարեհ Էքմեքճեանին, մինչ Նուռեան ամոլին շնորհուեցաւ յատուկ գնահատագիր մը` տարիներու ընթացքին ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին նկատմամբ անոր ցուցաբերած անսակարկ նուիրումին եւ նիւթական օժանդակութեան համար:


