100 Բանակող Փոքրիկներու Մասնակցութեամբ` Իր Դռները Բացաւ Հայ Գթութեան Խաչի Խալքիտիքիի Ամարանոցը

 

 

 

 

 

 

 

 

23-րդ տարին ըլլալով, դարձեալ վերաբացուեցաւ Խալքիտիքիի մէջ Հայ գթութեան խաչին ամարանոցը, որ այս տարի կը հիւրընկալէ Յունաստանի տարբեր շրջաններէ (Աթէնք, Թեսաղոնիկէ, Թրակիա) 100 բանակող պատանիներ, ինչպէս նաեւ` Լիբանանէն ժամանած 8 պատանի:

Անցնող շաբաթավերջին սկսած ամարանոցը կանոնաւոր իր հունին մէջ մտած է արդէն, երկու օրէ ի վեր լրիւ գործադրուող յայտագրով:

Ամարանոցի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին օրուան յայտագիրը ճոխացած պիտի ըլլայ դաստիարակչական եւ զուարճանքի պահերով, ծովու լոգանքներով, պտոյտներով, դասախօսութիւններով, երգ ու պարով, ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ:

Պատանիներուն պիտի հսկեն Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ գթութեան խաչի Շրջանային վարչութեան անդամները, որոնք ամարանոցի լման տեւողութեան ընթացքին ներկայ պիտի ըլլան ու պիտի հոգան բանակող պատանիներուն բոլոր կարիքները:

Ամարանոցի պաշտօնական փակման հանդէսը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 27 յուլիսին:

Share this Article
CATEGORIES