Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շեշտեց, որ ինք Տար Ֆաթուայէն պիտի չհեռանայ, նոյնիսկ եթէ զինք լուսանցքայնացնեն: Միւֆթի Քապպանի հաստատեց, որ ինք Տար Ֆաթուայի մէջ պիտի մնայ մինչեւ իր պաշտօնավարութեան աւարտը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած սպանութիւններն ու ականները հետեւանք են Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական լարուած մթնոլորտին:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներուն համաձայն, Հարաւային արուարձաններու, Պեքաայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ նախորդ երկու շաբաթներուն ընթացքին վնասազերծուած են մեծ թիւով ականներ: Այդ ականներուն թիրախ եղող շրջաններն էին Հարեթ Հրէյքը, Պընթ Ժպէյլը, Նապաթիէն եւ Պաալպեքը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ժամանակն է այլեւս, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Թամմամ Սալամ ոչ ոքի անսան` կառավարութեան կազմութեան առումով: Ժահժահ յայտնեց, որ Հըզպալլան է լիբանանցիները վեթոյի ենթարկողը:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Ահմետ Ասիր եւ Ֆատըլ Շաքեր պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ կը գտնուին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյց մը, որուն համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը սղած է 200 լ. ոսկիով, մազութինը` 300 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 200 լ. ոսկիով:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը Հըզպալլայի համար շատ սուղ պիտի արժէ, որովհետեւ ան Սուրիոյ մէջ մահուան խաղին կը մասնակցի:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի մօտ կը գտնուի ռազմավարական որոշում մը` կառավարութեան կազմութիւնը դժուարացնելու իմաստով:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրը տակաւին կը մնայ նոյնը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը արդէն իսկ հասած է Լիբանան` աւելցնելով, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը երկրին մէջ ստեղծած է տարօրինակ քաոս մը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Հըզպալլայի կողմէ Մուսթաքպալ հոսանքին դէմ գործուած յարձակումին նպատակն է ծածկել անոր բացթողումները: Ան նշեց, որ Մաժտալ Այնճար-Մասնաա ճամբուն վրայ կատարուած ականահարումը պատասխան է Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի միջամտութեան:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը կրնայ բանակի նոր հրամանատար մը նշանակել:
ՍԱՅՏԱՅԻ միւֆթի շէյխ Սելիմ Սուսան շեշտեց, որ Սայտայի մէջ կացութիւնը սկսած է բարելաւուիլ` նկատի ունենալով, որ շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւնը սկսած է վերահաստատուիլ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի աղբիւրները «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ժոմպլաթ չի փափաքիր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել` առանց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Լիբանանը ապահովական իմաստով խոցելի վիճակի մէջ է, եւ այս իրականութեան ի տես պէտք է արագացնել կառավարութեան կազմութիւնը:

