Ժեմայէլ. «Անհրաժեշտ Է Վերջ Տալ Լիբանանին Շահեր Չապահովող Հարցերուն Մէջ Երկիրը Միջամուխ Դարձնելու Քայլերուն»
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ անհրաժեշտ նկատեց, որ վերջ տրուի Լիբանանին շահեր չապահովող հարցերուն մէջ երկիրը միջամուխ դարձնելու քայլերուն:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ պէտք է կասեցնել Լիբանանի բարգաւաճումը արգելակող եւ երկրին հաստատութիւններուն ամրապնդումը խոչընդոտող արարքները:
Ժեմայէլ անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը ճիգ խնայեն լիբանանցիներուն կարիքներուն հասնելու եւ անոնց ծառայութիւններ մատուցելու առումով:
Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Ազզի շեշտեց, որ Ժեմայէլ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ Իրան Լիբանանի մէջ կրնայ դրական դերակատարութիւն ունենալ` զօրակցելով «Պաապտայի յայտարարութեան» եւ օժանդակելով լիբանանեան պետութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան

