Միքաթի Ֆլեչըրէն Ստանձնեց Լոնտոնի Տրամադրած Կարեւոր Զօրակցութիւնը
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական կացութիւնն ու տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի հարցերու օգնական Ամոս Հոչսթայնը, որուն կ՛ընկերակցէր ամերիկեան պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջերկրականի մէջ գտնուող քարիւղի եւ բնական կազի հանքերուն մէջ Լիբանանի իրաւասութեան սահմանը ճշդելու առումով Ուաշինկթընի տրամադրելիք օժանդակութիւնը:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, որ շեշտեց, թէ ինք Միքաթիի փոխանցած է Լիբանանի նկատմամբ Բրիտանիոյ զօրակցութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր յայտնեց, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն հինգ հիմնական պարտականութիւններ ճշդած է` Լիբանանի նկատմամբ.
ա) Լիբանանեան բանակին յաւելեալ օժանդակութիւն եւ զօրակցութիւն տրամադրել, ինչպէս նաեւ զինել զայն. այս նպատակով 15 միլիոն տոլարի գումար մը յատկացուած է:
բ) Օժանդակել Լիբանանին սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու իր առաքելութեան մէջ եւ այս առումով Լոնտոն 75 միլիոն տոլարի գումար մը պիտի յատկացնէ Լիբանանին:
գ) Բրիտանիա պիտի զօրակցի լիբանանեան համախոհական քաղաքականութեան եւ ազգային համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ յաւելեալ օժանդակութիւն պիտի մատուցէ լիբանանեան կայունութեան` նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք:
դ) Բրիտանիա միջազգային իր դաշնակիցներուն հետ պիտի գործակցի` ընդգծելու համար Լիբանանի եւ լիբանանեան գերիշխանութեան չէզոք ըլլալուն իրականութիւնը:
ե) Բրիտանիա Լիբանանի հետ գործակցելու եւ անոր զօրակցելու իր առաքելութիւնը պիտի շարունակէ, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը պիտի ամրապնդէ, յատկապէս առեւտուրի մարզին մէջ:
Ֆլեչըր եզրափակեց ըսելով, որ շրջանային իմաստով տիրող կացութիւնը աւելի ճնշող դարձած է` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն` ի խնդիր Լիբանանի կայունութեան:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ դատաւոր Ժան Ֆահըտ եւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ:


