Սէյիտ Նասրալլա – Զօր. Աուն Հանդիպումը Տեղի Ունեցա՞ւ, Թէ՞ Պիտի Ունենայ
Ըստ կարգ մը տեղեկատուական աղբիւրներու, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն անցեալ կիրակի գիշեր ունեցած են հանդիպում մը:
«Սաֆիր» օրաթերթին համաձայն, հանդիպումը արդէն իսկ տեղի ունեցած է եւ տեւած քանի մը ժամ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ վերջին հանգրուանին արձանագրուած տարակարծութիւնները:
Նոյն աղբիւրին համաձայն, հանդիպումը համակուած եղած է անկեղծութեամբ:
«Սաֆիր»-ի մէջ նշուած է նաեւ, որ հակառակ սէյիտ Նասրալլայի կողմէ զօր. Աունը համոզելու ջանքերուն, վերջինիս կեցուածքը նոյնը մնացած է բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու առումով:
Նշենք, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն մերժեց հաստատել կամ հերքել սէյիտ Նասրալլայի եւ զօր. Աունի միջեւ հանդիպումին լուրը:

