ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հանդիպում մը ունեցած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ` ներկայութեամբ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլի: Քննարկուած են կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆաթհի պատասխանատու Մունիր Մաքտահ յայտնեց, որ յառաջիկայ կիրակի օր պաղեստինցի գաղթականները քայլարշաւ մը պիտի կազմակերպեն դէպի Մարուն Ռաս.  ան աւելցուց, որ կը նախատեսուի նաեւ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ վրաններ լարել: Մաքտահ ակնարկութիւններ կատարեց նաեւ ծովային շարժումներու:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթին համաձայն, իսրայէլեան ուժերը Սուրիոյ եւ Լիբանանի հետ իրենց սահմանամերձ շրջաններուն մէջ մեծ թիւով ուժեր տեղակայած են, ինչպէս նաեւ որդեգրած ապահովական խիստ եւ հսկայ միջոցառումներ:

ԸՍՏ «Ուիքիլիքս»ի, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ շեշտած է, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը Տեթլիֆ Մելիսը  ազատ կացուցած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յատուկ միջազգային հետաքննութիւնը ստանձնելու պարտականութենէն, որովհետեւ ան չէ յաջողած առարկայական հետաքննութիւն մը կատարել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Էմիլ Ռահմէ կը հաստատէ, որ յստակ եւ անկեղծ յարձակում կայ` լիբանանեան պետութեան կերտման հիմնական սկզբունքներուն դէմ:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Մոհամետ Ռիտա Շիպանի գաղտնի հանդիպում մը ունեցած են Լիբանանի մէջ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական արդիական օրէնք մը, որուն շնորհիւ լիբանանեան խորհրդարանին մէջ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել Լիբանանը բաղկացնող բոլոր շերտերուն քաղաքական առողջ ներկայացուցչութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES