ԺՈՄՊԼԱԹ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՅԱՊԱՂՈՒՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌԸ ՆԵՐՔԻՆ Է ԵՒ ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԱՅՍ ԻՄԱՍՏՈՎ ԿՐՆԱՅ ԲԱՆ ՄԸ ԸՆԵԼ»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» օրաթերթին մէջ հրապարակած իր շաբաթական յօդուածին ընդմէջէն հարց տուաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը թիրախ դարձնելու իսկական դրդապատճառներուն մասին: «Արդեօք այդ պայթումին նպատակը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն թիւը պակսեցնե՞լն է», հարց տուաւ ան:
Անդրադառնալով լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններուն` Ժոմպլաթ բաւարարուեցաւ ըսելով. «Առանց մեկնաբանութեան…»:
Նշենք, որ Տոհայի մէջ Ժոմպլաթ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք պարտաւոր չի զգար քաղաքական արդարացումներ կատարելու այս կամ այն քաղաքական ուժին մօտ:
Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ ներկայիս Լիբանան տեղքայլի մէջ է եւ ոչ ոք կարողութիւն ունի շարժելու: Այս ծիրին մէջ ան հարցուց, որ արդեօք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ծրագիրը ի՞նչ է, կա՞յ ծրագիր, թէ՞ չկայ:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք յուսալքուած է եւ վատ կը զգայ` աւելցնելով, որ ոչ մէկ նախաձեռնութիւն պիտի առաջադրէ, հակառակ այն իրականութեան, որ երկիրը կը հալի ու կը քանդուի:
Ակնարկելով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին խոչընդոտներուն` Ժոմպլաթ շեշտեց, որ այդ ընթացքը արգելակող պատճառները ներքին են, սակայն Հըզպալլա կրնայ այդ գծով բան մը ընել: Ան աւելցուց նաեւ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին կառավարութեան կազմութեան յապաղումին յանցանքով մեղադրելը սխալ է:

