ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՆԱՀԱՐ»
– Անդրադարձ` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւններուն, թէ թրքական նաւատորմը պիտի ուղղուի Կազա` խզելով անոր շուրջ պարտադրուած շրջափակումը:
(Նոյն լուրին անդրադարձած է նաեւ «Սաֆիր» օրաթերթը):
«ԱՆՈՒԱՐ»
– Լրատուութիւն` թրքական ատեանի մը կողմէ թուրք բարձրաստիճան զինուորականի մը դէմ արձակուած ձերբակալութեան հրամանագիրին մասին: Թուրք զինուորականին դէմ ամբաստանութիւնը այն է, որ ան կառավարութեան դէմ է եւ պետութեան դէմ դաւադրութիւններ կը սարքէ:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ
«Հայաթ», «Պայրաք» եւ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթերը):
«ՍԱՖԻՐ»
– Անդրադարձ` Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ցոյցին, որուն ընթացքին ցուցարարները նշեցին, որ իրենք չեն մոռնար Ազատութեան նաւատորմի զոհերը. անոնք Իսրայէլի դէմ կարգախօսներ արձակեցին:
«ՀԱՅԱԹ»
– Անդրադարձ` թրքական իշխանութիւններու այն մտադրութիւններուն եւ ծրագիրներուն, որոնց համաձայն, թրքական բանակը պէտք է պատրաստուի Սուրիա ներթափանցելու եւ զինուորական գօտիներու շրջան մը ստեղծելու, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի գաղթականներուն ապահով վայրեր տրամադրել: Թուրքիոյ կողմէ զինուորական գօտիի մը համար նկատի առնուած շրջաններն են Քամիշլին եւ Տէր Զօրը:

