ՈՒԻԼԻԸՄԶ ԱՊՏԱԼԼԱՅԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչ, դեսպան Ապտալլա Ապտալլայի, որուն հետ քննարկեց նորագոյն իրադարձութիւնները, յատկապէս 15 մայիսին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած «վերադարձ»ի ցոյցին եւ անոր պատճառով արձանագրուած զոհերուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Հանդիպումին ընթացքին Ապտալլա Ուիլիըմզի յայտնեց, որ ՄԱԿ իր պատասխանատուութիւնները պէտք է ստանձնէ եւ հետաքննութիւն բանայ զոհուած 6 պաղեստինցի երիտասարդներուն հարցով:

Ապտալլա շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերը դիտմամբ կրակ բացած են պաղեստինցի անզէն ցուցարարներուն վրայ եւ սպաննած զանոնք, հակառակ անոր որ պաղեստինցի գաղթականներուն ցոյցը առաւելագոյն չափով կը յարգէր խաղաղ ցոյցի չափանիշները:

Ապտալլա ընդգծեց նաեւ, որ պաղեստինցիները յանձնառու կը մնան Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու` աւելցնելով, որ անոնք երբեք միջամուխ չեն ըլլար լիբանանեան ներքին քաղաքական տարակարծութիւններուն: Ան խստիւ դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու իտալական զօրամասին դէմ գործուած պայթումը:

Իր կարգին, Ուիլիըմզ ցաւակցութիւն յայտնեց 15 մայիսին Մարուն Ռասի մէջ ինկած պաղեստինցի զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES