ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՌԻՖԻԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, երէկ յետմիջօրէին Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը:
Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի հարցը իր օրինական բնական ընթացքը մուտք գործած է:
Անդրադառնալով Ռիֆիի կատարած յայտարարութեան` զօր. Աուն հարց տուաւ, թէ Ռիֆի ի՞նչ ըսել կ՛ուզէ շուն եւ թաղում արտայայտութեամբ: «Կը փափաքինք գիտնալ Ռիֆիի այդ յայտարարութեան իմաստը, որպէսզի գիտնանք, եթէ անքաղաքավարութիւն կայ. ասիկա ամօթ է», ըսաւ Աուն:
Համախմբումի նախագահը շեշտեց, որ զօր. Ռիֆի իբրեւ զինուորական ապօրինութիւն գործած է եւ իր պատասխանատուութիւնները պիտի ստանձնէ:
Զօր. Աուն ընդգծեց, որ ինք համաձայն է մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ` Թաէֆի համաձայնագիրը բարեփոխումի ենթարկելու իմաստով: Ան աւելցուց սակայն, որ պէտք է յարգել սահմանադրութեան չափանիշները եւ օրէնքները, այլապէս սահմանադրութիւնը իր կարգին հոգին կ՛աւանդէ:
Կառավարութեան կազմութեան մասին խօսելով` զօր. Աուն հարց տուաւ, թէ ի՞նչ են այն պատճառները, որոնք կ՛արգիլեն կառավարութեան կազմութիւնը: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Ո՛վ որ իշխանութեան վրայ գտնուած է ո՛չ ազատութիւն, ո՛չ անկախութիւն եւ ո՛չ ալ գերիշխանութիւն գործադրած է»:
ԶՕՐ. ԱՈՒՆ – ՔԻՓՐԻԱՆՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Մարքոս Քիփրիանուն` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութեանց պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեանի:
Հանդիպումէն ետք Քիփրիանու յայտնեց, որ զօր. Աունի հետ քննարկած է տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ան նշեց, որ երբ Լիբանանի կառավարութիւնը կազմուի, ապա Կիպրոս յարաբերութիւններ պիտի ունենայ անոր հետ եւ պիտի փորձէ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդել: «Մենք պատրաստ ենք մնայուն կերպով զօրակցելու Լիբանանին, յատկապէս Եւրոպական Միութեան գործելադաշտի շրջագիծին մէջ` նկատի ունենալով, որ Միութեան նախագահութեան յաջորդ նստաշրջանը Կիպրոս պիտի ստանձնէ», ըսաւ ան:
Քիփրիանու դրուատեց Լիբանանի եւ շրջանին մասին զօր. Աունի ներկայացուցած վերլուծումը` զայն նկատելով շինիչ եւ օգտակար:

