«ԱՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՆԴԻՉ Է ԵՒ ՑԱՒԱԼԻ, ԻՍԿ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԸ ԱՆՑՆԻԼ» Կ՛ԸՍԷ ԺԵՄԱՅԷԼ ԱՅՆ ԹԻՆԷԷՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող անիշխանութեան մթնոլորտը քանդիչ է եւ ցաւալի` աւելցնելով, որ լիբանանեան առօրեան յուզող հարցերը անձնասպանութեան համազօր են:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական իւրաքանչիւր ուժի հետ պատասխանատու երկխօսութիւն կատարելու` լուծելու համար Լիբանանի մէջ տիրող տարակարծութիւնները:
Ժեմայէլ դիտել տուաւ, որ հանրապետութեան նախագահին դերակատարութիւնը ներկայիս արգելակուած է, որովհետեւ կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտուած է` աւելցնելով, որ խորհրդարանը չի կրնար կառավարութեան տեղը անցնիլ: Ան կոչ ուղղեց ենթարկուելու սահմանադրութեան եւ կազմելու կառավարութիւնը` վերջ տալու համար տիրող անիշխանութեան:
Նշենք, որ պետական գործավար նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր նաեւ այցելեց խորհրդարանի նախագահին: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: