Լրատուամիջոցներու Համակարգող Խորհուրդի Հերթական Նիստը
Երէկ առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հայկական լրատու միջոցներու համակարգող խորհուրդի հերթական նիստը:
Նիստին ներկայ էին Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահէ Ճիւանեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի վարիչ Նաղաշ Մարտիրոսեան, «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էվելինա Բաղդասարեան եւ նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան տեղեկատուական-վերլուծական բաժանմունքի պետ նուէր Նալբանդեան:
Ժողովին հեռակապով մասնակցեցան նաեւ Լոս Անճելըսէն «Քալիֆորնիա Քուրիըր»-ի խմբագիր Յարութ Սասունեան, դարձեալ Լոս Անճելըսէն «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր»-ի խմբագիր Յակոբ Վարդիվառեան, Մոսկուայէն «Նոյեւ Քովչեք» թերթի գլխաւոր խմբագիր Գրիգոր Անիսոնեան, Արցախի լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան եւ Լիբանանէն «Խօսնակ» ամսագիրի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան:
Ժողովին օրակարգին մաս կը կազմէին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ իւրաքանչիւր շրջանի մէջ հայկական լրատուամիջոցներու տարած աշխատանքները եւ 2014 թուականին կայանալիք Լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովի ծրագիրը:


