Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Մնացէք հաւատարիմ ձեր սկզբունքին: Օրը յարմար է ընդունելու հիւրեր, մանաւանդ որ շաբաթավերջ է արդէն եւ ուրախանալու առիթներ կան:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր համբաւը պիտի տարածուի` իբրեւ ընկերասէրի եւ ծառայասէրի: Մնացէք ձեր տան մէջ, ժպտուն դիմաւորեցէք ձեր բարեկամները` շատոնց չտեսած:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր պարտականութիւնը կատարած էք: Ունիք գոհունակ անձի մը տրամադրութիւնը, որ պիտի ըլլայ վարակիչ ձեր շրջապատին մէջ: Ունիք նիւթական շահ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ունիք պէտք եղած կարելիութիւնները` ձեր նպատակին հասնելու: Ուրեմն ինքնավստահ մնացէք, կասկածը հեռացուցէք ձեր սիրտէն: Օրը յաջող է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օգտակար պիտի ըլլաք անձի մը, որ պիտի դիմէ ձեզի նիւթական օժանդակութիւն խնդրելու: Պատրաստակամութիւն ցուցաբերեցէք, որպէսզի ձեր սիրտը մնայ ուրախ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ունիք հնարաւորութիւնը` իրագործելու կարգ մը պարտականութիւններ: Ձեր առաջարկները պիտի ընդունուին, անվարան դիմեցէք ձեր փափաքը կատարելու:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դրամը ամէն ինչ չէ: Կեանքի մէջ կան նաեւ ուրիշ միջոցներ` ուշադրութիւն գրաւելու: Ունիք հմայքը` ձեր խօսակիցները համոզելու: Կը յաջողիք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ճամբորդութիւնները զարգացնող միջոցներ եւ առիթներ ունիք: Կատարեցէք ձեր փափաքը` այցելելու ոչ հեռու վայր մը, ուր կրնաք ուրախանալ բարեկամներով:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ներողամտութիւնը խոնարհութեան նշան է: Ներեցէք այն անձին, որ անգիտակցաբար վիրաւորած է ձեզ անտեղի խօսքերով: Արտայայտեցէք ձեր ներումը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Վաղուան համար մի՛ մտահոգուիք, որովհետեւ վաղուան տէրը նախախնամութիւնն է: Ուրեմն մնացէք անհոգ, մանուկի մը նման: Օրը ունի ուրախ պահեր:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բնութիւնը հրաշագործ է, ան կը մխիթարէ ձեր սիրտն ու միտքը, նոյն ատեն կը զարգացնէ ծրագիրներ պատրաստելու ձեր փափաքը: Օրը փայլուն է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երեխաներու հետ ձեր վերաբերումը դաստիարակիչ է: Ստանձնեցէք նման պարտականութիւն մը: Մանուկներու հետ դուք ալ կը մանկանաք:

Share this Article
CATEGORIES