50 Տարի Առաջ (19 Յուլիս 1963)

ՀՄԸՄ-ի «Սկաուտի Օր»-ուան
Բանակում-Հանդէսը

Առաջին անգամ ըլլալով ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական կեդրոնական խորհուրդը կազմակերպած էր բանակում-հանդէս մը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 14 յուլիս 1963, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Լիբանանի գեղեցկագոյն ամարանոցներէն Պուա տը Պուլոնեըի սկիզբը գտնուող աջ կողմի փոքր անտառին մէջ, հովանաւորութեամբ Մեթնի գայմագամ Համիտ Խուրիի եւ նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանի:

Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Թրիփոլիի եւ Զահլէի 250-է աւելի սկաուտները, գայլիկներն ու արենուշները, մէկ օրուան մէջ, սքանչելի դասաւորումով մը, այս փոքր ու սիրուն անտառը իր ամբողջական տարածքով իրենց բանակավայրը դարձուցած էին` առաւել գրաւչութիւն մը տալով անոր:

Անոնց կատարած աշխատանքներն ու ձեռք բերած նուաճումները հիացումով դիտուեցան բազմահազար այցելուներու կողմէ:

Խուռներամ բազմութիւն մը, Պէյրութէն եւ շրջակայ գիւղերէն, ժամը չորսէն սկսեալ, շուտով լեցուց բանակավայրը` ստեղծելով տօնական օրերու զուարթ մթնոլորտ մը:

Գլխաւոր մուտքին լիբանանեան դրօշակներով զարդարուած կամար մը շինուած էր, որուն վրայի մեծատառ ՀՄԸՄ գրութիւնը յաղթականօրէն կ՛իշխէր իրմով հպարտացող սրտերուն վրայ:

Առաջին անցքի անմիջական կողքերէն սկսեալ, իւրաքանչիւր մասնաճիւղի խմբակը առանձին, ընդամէնը ութ խմբակ, լարած էր իր վրանը` շրջագօտիներու մէջ առած: «Առիւծ» խմբակ, «Եղնիկ» խմբակ եւ այլն: Կային նաեւ Լիբանանի մայրիով եւ ՀՄԸՄ-ի տառերով յատակագծուած վրաններ: Քիչ մը հեռուն, դէպի ձորամէջ, հաստատուած էին գայլիկներուն եւ արենուշներուն վրանները:

Բոլոր վրաններն ալ ունէին իրենց ճաշարանները, խոհանոցները եւ փուռերը:

Կային հողակոյտով շինուած մեծ ու փոքր Մասիսներ, ՀՄԸՄ-ի զինանշան, եռագոյնով ու լիբանանեան եւ սկաուտութեան դրօշակներով զարդարուած վրաններ, գետ ու կամուրջ, սկաուտութեան եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժման հիմնադիրներուն նկարները, «Սկաուտներ, միշտ պատրաստ» եւ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» գրութիւնները կրող զինանշաններ, լապտերներ, ցուցատախտակներ, ժամացոյց, ջերմաչափ, սկաուտութեան յատուկ այլազան նշաններ եւ այլն, եւ այլն:

Բարձրադիր հինգ ձողերու վրայ կը ծածանէին լիբանանեան եւ չորս մասնաճիւղերու սկաուտական դրօշակներ:

Ժամը հինգին բոլորաձեւ ընդարձակ հանդիսավայրը արդէն լեցուած էր: Աթոռները գրաւուած էին ու բազմաթիւ հիւրեր ոտքի մնացած: Մթնոլորտը խանդավառ էր, հաճելի ու գրաւիչ:

Սկաուտական նուագախումբը կը հնչեցնէ պատուոյ նուագը: Օրուան նախագահն է եկողը` ընկերակցութեամբ պետական հայ երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի:

Յոտնկայս եւ երկարատեւ ծափերով կ՛ընդունուի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանին մուտքը հանդիսավայրէն ներս:

Յակոբ Աշճեան, ՀՄԸՄ-ական ու նախկին ատենապետ, իր սրտին մօտ զգացած է սկաուտական շարժումը եւ` միշտ քաջալերած:

Այս անգամ եւս, իր բոլորանուէր ջանքերուն շնորհիւ, քաղաքապետութիւնը 1500 լ. ոսկիի յատկացում մը ըրած է Յունաստանի սկաուտական միջազգային փառատօնին մեկնող 25 ՀՄԸՄ-ական սկաուտներուն:

Պատուոյ աթոռներուն վրայ տեղ կը գրաւեն նաեւ Լիբանանի ֆետերասիոնի փոխնախագահ եւ սկաուտութեան միջազգային գրասենեակի ներկայացուցիչ Ապտիւլ Ուահապ Ռիֆայի, Մեթնի երեսփոխան մեթր Վարդգէս Շամլեան, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ու զինուորականներ եւ ՀՄԸՄ-ի ղեկավարներ:

Սկաուտական նուագախումբի հնչեցուցած տողանցքի քայլերգով գայլիկներ, արենուշներ եւ սկաուտներ կանոնաւոր շարքերով մուտք կը գործեն հանդիսավայր: Պատուի բարեւ կու տան: Նուագախումբը կը հնչեցնէ լիբանանեան քայլերգն ու «Յառաջ նահատակ»-ը, որոնք կ՛ունկնդրուին յոտնկայս:

ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յովհաննէս Շահինեան բացման խօսքը ընելով` կ՛ըսէ. «Սկաուտութիւնը միշտ անբաժան եղած է ՀՄԸՄ-ի կողքին: Մեր սկաուտները շուտով պիտի մեկնին Յունաստան: Ինչպէս միշտ, կը մաղթեմ, որ այս անգամ եւս հպարտ ու յաղթական վերադառնան»:

Գործադրութեան դրուեցաւ հաճելի յայտագիր մը:

Գայլիկներ խանդավառ ծափեր խլեցին իրենց խաղերով ու երգերով:

Սկաուտ Պաղտիկ Ուրֆալեան արաբերէն լեզուով գեղեցիկ ուղերձ մը կարդաց, որ մեծապէս գնահատուեցաւ հիւրերուն կողմէ:

Արենուշներ իրենց պարերով  ու մարզանքներով ծափեր խլեցին:

Սկաուտներ մարզական խաղերով, թմպլիկ, բուրգ, անակնկալներ եւ այլն, ցուցադրեցին իրենց արժանիքները` բուռն ծափերու արժանանալով:

Երեկոն տակաւ կը մթննար ու լեռներու կարմրագոյն հորիզոնը հետզհետէ կը տժգունէր:

Ոչ ոք տրամադիր էր տեղէն շարժելու:

Տեղի կ՛ունենայ դրօշակի արարողութիւն: Հինգ ձողերու վրայի դրօշակները վար կ՛առնուին ու խմբապետը լիբանանեան դրօշակը կը դնէ պատուոյ սեղանին վրայ:

Ապտիւլ Համիտ Ռիֆայի կը հրաւիրուի իր խօսքը ըսելու: «ՀՄԸՄ-ը իր մարզական բոլոր ճիւղերով ու սկաուտութեամբ,- կ՛ըսէ յարգելի հիւրը,- իբրեւ օրինակելի կազմակերպութիւն` պատիւ կը բերէ Լիբանանին: Անիկա յաղթական բարձունք մըն է, որ միշտ բարձր պահած է իր դրօշակը լիբանանեան մարզական կեանքէն ներս»:

Երեկոն կը մթննայ: Կը վառին ջահերը: Բանակավայրը տարբեր գեղեցկութիւն մը կը ստանայ: Սկաուտներ եւ արենուշներ կը շարունակեն ցուցադրել իրենց արժանիքները:

Վերջին խօսողը կ՛ըլլայ սկաուտապետ Հայկ Պէյլերեան: Իր խօսքի վերջաւորութեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ օրուան նախագահին, հիւրերուն ու հանդիսականներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին սկաուտական այս հանդէսը:

Նուագախումբը կը հնչեցնէ ճամբարի քայլերգը: Խումբ մը երէց սկաուտներ, որոնք շուտով պիտի մեկնին Յունաստան, կ՛երգեն իրենց ցտեսութեան երգը:

«Յառաջ նահատակ»-ով վերջ կը գտնէ հանդէսը: Տեղի կ՛ունենայ հրավառութիւն: Լաւագոյն տպաւորութիւններով կը բաժնուին ներկաները բանակավայրէն:

Գնահատանքի արժանի են ընդհ. սկաուտապետ Հայկ Պէյլերեան, երէցներու խմբապետ Սուրէն Մուրատեան, որ ներկայացուցիչն է նաեւ ֆետերասիոնին, բանակավայրի ընդհ. խմբապետ Յակոբ Ոսկերիչեան, գայլիկներու խմբապետ աքելլա Յակոբ Կարապետեան, արենուշներու ընդհ. խմբապետուհի Սեդա Սարեան եւ պարերու վարիչ, Պէյրութի արենուշներու խմբապետուհի Սրբուհի Իբրանոսեան:

Բանակում-հանդէսին գտած ժողովրդականութիւնը լաւագոյն քաջալերանքը թող նկատուի, որպէսզի ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական կեդրոնական խորհուրդը, օգտուելով առաջին փորձառութենէն, ամէն տարի այս եղանակին, Լիբանանի տեսարժան ու հայաշատ որեւէ մէկ կեդրոնին մէջ, աւելի կազմակերպուած յայտագրով մը տօնէ «Սկաուտի օր»-ը` զայն դարձնելով աւանդական սովորութիւն:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Share this Article
CATEGORIES