Արուեստի Աշխարհէն. «Յոյսի Երկիրը»
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ ՀՐԱՇԱԼԻ ՏԵՍԱՐԱՆՆԵՐ ԿԸ ՍՏԵՂԾԵՆ ՄՈՆՐԷԱԼԻ ԲՈՒՍԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ: «ՍՄԻԹՍՈՆԻԸՆ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՄԷԿՏԵՂՈՒՄ ՄԸ` ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՎ ԽՃԱՆԿԱՐԻ ՄՈՆՐԷԱԼԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՆՔԻՆ, ՈՐ ԵՐԵՔ ՏԱՐԻՆ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ԵԶԱԿԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ ՄԸՆ Է:
Հաւանաբար լսած էք թուփերը անասուններու կամ այլ կերպարներու պատկերներու վերածելու համար զանոնք յօտելով ձեւաւորելու արուեստին մասին: Սակայն ծաղիկներով խճանկարի արուեստ ստեղծելը շատերուն համար նորութիւն է:
Ծաղիկներով խճանկարի միջազգային մրցանք մը տեղի կ՛ունենայ երեք տարին անգամ մը` աշխարհի տարածքին զբօսայգիի մը կամ քաղաքապետական պարտէզի մը մէջ: Մրցանքին կայքէջին մէջ www.mosaiculturesinternationales.ca/en այս արուեստը կը նկարագրուի իբրեւ «ծաղկամշակութեան արուեստի կատարելագործուած ձեւ մը, որ գլխաւորաբար գունագեղ տերեւներով անթառամ կամ թառամող բոյսերով արուեստի կենդանի գործեր ստեղծելու եւ զետեղելու արուեստն է»:
Գործընթացը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ ձեւով. արուեստագէտները կը կառուցեն իրենց քանդակներուն մետաղէ կմախքը, զայն կը պատեն հողով լեցուն ցանցերով, ապա տարբեր ծաղիկներու եւ բոյսերու հունտեր կը ցանեն անոնց մէջ, այնպէս` ինչպէս խեցեգործ մը սալիկներ պիտի շարէր խճանկար մը ստեղծելու համար: Ասիկա կ՛ենթադրէ արուեստագէտի կարողութիւններ` տարբեր մարզերու մէջ. «քանդակագործութեան` կառոյցի եւ ծաւալի զգացողութեան համար, գեղանկարչութեան` գոյներու նրբերանգներու եւ ծաղկամշակութեան` բոյսերը ապրող եւ տեւաբար փոփոխուող միջավայրի մը մէջ գործածելու համար», ինչպէս կը բացատրէ կայքէջը: Գարնան ամիսներուն ջերմոցներու մէջ աճեցուած արուեստի այս գործերը ամբողջութեամբ ծաղկելէ ետք կը զետեղուին զբօսայգիներու կամ պարտէզներու բացօթեայ տարածքներու մէջ:
Այս ամառ շուրջ 22 հազար ծաղկատեսակներով եւ բուսատեսակներով քանդակներ եւ բարձրաքանդակներ կը կէտադրեն շուրջ 2 քիլոմեթրի վրայ երկարող արահետ մը` Մոնրէալի բուսաբանական պարտէզին մէջ, որ 2013-ի Ծաղիկներով խճանկարի միջազգային մրցանքին վայրն է: 20 երկիրներէ աւելի քան 200 արուեստագէտներ ներկայացուցած են իրենց գործերը, որոնք ներշնչուած են իրենց մշակոյթէն, միաժամանակ` կ՛արտացոլեն մրցանքին «Յոյսի Երկիրը» բնաբանը, որուն նպատակն է ցոյց տալ երկրագունդին կենսաբանական այլազանութիւնը: Անոնք կը ձգտին դատական կազմի մը Պատուոյ մեծ մրցանակին, ինչպէս նաեւ` Հանդիսատեսներու նախասիրութեան մրցանակին:
Ցուցադրուած գործերուն շարքին են «Մայր հողը». քանատական գործ մը, որ կը պատկերէ հողէն ծնող իգական կերպար մը, որուն շուրջ ձիեր կը թափառին: «Մարդը, որ ծառեր տնկեց» քանդակը եւս քանատական գործ մըն է, որուն մէջ Էլզէար Պուֆիէ` ֆրանսական գրականութեան մէջ ծանօթ հովիւի տիպարը կաղնի մը կը տնկէ: Խորապատկերին մէջ կը տեսնենք տերեւախիտ «ոչխար» մը:
Շանկհայ կը ներկայացնէ «Իրական պատմութիւն մը»: Պէյճինկ կը ներկայանայ իր «Սօսիի ծառեր տնկել` Փիւնիկը ներգրաւելու համար» ծաղիկներու խճանկարով, որ ներշնչուած է նոյն անունը կրող չինական հնադարեան առասպելէ մը: Փիւնիկին թեւերը շինուած են ծաղկող պեկոնիաներով:
Ուկանտա կը մասնակցի «Կորիլլաները` վտանգուած» գործով, որ յարգանքի տուրք մըն է աշխարհի տարածքին լեռնաբնակ կորիլլաներու միակ բնակչութեան` հարաւարեւմտեան Ուկանտայի Վիրունկայի լեռներուն վրայ: Աշխարհի վայրի բնութեան դաշնակցութեան մէկ տեղեկագիրին համաձայն, այսօր միայն 800 կորիլլաներ գոյութիւն ունին:
Իսկ աղուեսակապիկները (լիմըր) ինչպէս` օղակաձեւ պոչով տեսակները, որոնք Մատակասքարի բնիկներ են, պատկերուած են այս կղզիին ներկայացուցած «Բոլորը` շարքի կանգնած» վերնագիրով խճանկարի մը մէջ:
«Փոքրիկ միմոսաձուկը եւ հողմածաղիկը» ներկայացուած է Ճափոնի Օքինաուա ազգային զբօսայգիին կողմէ: Անիկա կը պատկերէ ծովային երկու բնակիչներ, որոնք կողք – կողքի կ՛ապրին Օքինաուա կղզիին ծովաժայռերուն շուրջ:
«Ձեռքերը վե՛ր» խճանկարը, զոր ներկայացուցած է Մալեզիա, կը պատկերէ խիտ խոտով շինուած մարդակապիկներ, որոնց երկու տեսակները` Պոռնէայի եւ Սումաթրայի մարդակապիկները Մալեզիոյ բնիկներ են:
Հնագէտներ 2000-ին Այնթապի մէջ յայտնաբերած էին 1500 տարուան խճանկար մը եւ զայն կոչած էին «Գնչու աղջիկը»: Թուրք արուեստագէտներ անկէ ներշնչուած` ներկայացուցած են «Գնչու կամ Կայա» խճանկարը (Կայա յունական դիցաբանութեան մէջ հողի մայր աստուածուհին է: «Ա.»):
Ցուցադրութիւնը կը շարունակուի մինչեւ սեպտեմբերի վերջերը:




