Արուեստի Աշխարհէն. Հաւանական Միքելանճելոյի Մը Վէճը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՍՊԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԿՐՏԻՉԻ ԱՐՁԱՆԻՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՇՓՈԹԻ ՄԱՏՆԵԼ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՊԱՏՄԱԲԱՆՆԵՐԸ: «ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՐՁԱՆԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ՅԱՋՈՐԴԱԾ ՎԷՃԵՐԸ:

Արուեստի պատմաբաններ եւ վերանորոգողներ յունիսի վերջերուն խանդավառութեամբ փութացին տեսնելու «Սան Ճիովաննինօ» արձանը, որ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին համաձայն, հաւանական իրական Միքելանճելօ մըն է:

Խնդրոյ առարկայ գործը, որ կը պատկերէ երիտասարդ Յովհաննէս Մկրտիչը, արուեստի պատմութեան մէջ բանավէճի նիւթ է 1930-էն ի վեր, երբ սպանացի պատմաբան Մանուէլ Կոմեզ Մորենօ յայտարարեց, թէ անիկա իտալացի վարպետին առասպելական, սակայն ցարդ անծանօթ մէկ գործը կրնար ըլլալ: Միքելանճելոյի կենսագրութեան հեղինակներ կը հաստատեն, որ մարմարի վարպետը «Սան Ճիովաննինօ»-ն քանդակած է 1496-ին` Լորնեցօ  տի Փիերֆրանչեսքօ տը Մետիչի իշխանին համար, թէեւ արձանին վայրը միշտ ալ մնացած է անյայտ:

Այնուհետեւ, 1994-ին, խորհրդաւոր արձանին կտորները հասած էին «Վերածնունդի ժամանակներու Անատալուսիայի մայրաքաղաք» Ուպետայի Սուրբ Փրկիչ մատուռը: Անիկա կրած էր Սպանիոյ Քաղաքացիական պատերազմին աւերը, սակայն վերակենդանացած էր` վերանորոգութեան 20 տարուան բարդ գործընթացէ մը ետք: Միքելանճելոյի այլ գործերուն հետ նմանութիւնները, մասնաւորաբար` Բագոսի արձանին, արուեստի պատմաբաններուն մղած է ուսումնասիրելու այն հաւանականութիւնը, թէ այս վերակառուցուած կերպարը, իրօք, առասպելական «Սան Ճիովաննինօ»-ն է: Պատմաբաններ ի յայտ բերած են հաւանական հետք մը, որ զայն կը տանի մինչեւ 15-րդ դարու Ֆլորանս եւ ետ կը բերէ մինչեւ Սպանական Քաղաքացիական պատերազմ:

Մետիչիներու Ռիքարտի պալատին թուայնացած արխիւներուն մէջ պատմական հանելուկը կ՛ամփոփուի հետեւեալ տողերուն մէջ.

«Միքելանճելոյի քանդակած երիտասարդ Յովհաննէս Մկրտիչին ճշգրիտ նկարագրութիւնները կամ գծանկարները գոյութիւն չունին: Արձանը դժբախտաբար կորսուած է (կամ ցարդ չէ յայտնաբերուած): Երիտասարդ Մկրտիչին կերպարը եւ դիրքը հաւանաբար կը նմանէր նոյն այն կերպարին, զոր կը տեսնենք Աստուածամօր այն գեղանկարին մէջ, որ կը ցուցադրուի Մանչեսթըրի ազգային պատկերասրահին մէջ եւ ընդհանրապէս կը վերագրուի Միքելանճելոյի (իրագործուած է 1497-ին): Արուեստագէտը նոյն դիրքը քանդակած է իր Պրուժի Աստուածամօր քանդակին մէջ, զոր իրագործած է 1506-էն առաջ»:

Իտալացի բազմաթիւ արուեստի պատմաբաններ համաձայն են Մորենոյի պատմական կարծիքին: «Մենք Միքելանճելօ մը ունինք», «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին ըսած է Սեղորպէի դուքսը, որուն սեփականութիւնն է արձանը:

Այսուհանդերձ, կը թուի, թէ շարք մը ակադեմականներ եւ քննադատներ սկեպտիկ են` հակառակ դուքսին հաստատումներուն: Միքելանճելոյի մասնագէտ Ֆրանք Զոլնըր կ՛ըսէ, թէ արձանին աչքերը եւ շրթները շատ տափակ են, իսկ եղունգները «աւելի տկար», քան ինչ որ Միքելանճելօ սովորաբար քանդակած է: Աւելի՛ն. արուեստագէտը չէ ստորագրած գործը:

Խորհրդաւոր արձանը կը մնայ հանելուկ մը: Եթէ անիկա իրապէ՛ս կը պատկանի Միքելանճելոյի, ապա ինչո՞ւ ան չէ ստորագրած զայն: Իսկ եթէ անիկա առասպելական «Սան Ճիովաննինօ»-ն չէ, ապա ո՞ւր է այս արձանը:

Արձանը Ուպետայի Սուրբ Փրկիչ մատրան մէջ պիտի ցուցադրուի Ֆլորանսէն վերադառնալէ ետք:

Share this Article
CATEGORIES