Արուեստի Աշխարհէն. «Համլեթ» Պիտի Ընէ Աշխարհի Շրջանը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՇԷՅՔՍՓԻՐԻ «ԿԼՈՊ» ԹԱՏԵՐԱՍՐԱՀԸ «ՀԱՄԼԵԹ»-Ը ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԵՐԿՐԻ ՄԷՋ, ՆԵՐԱՌԵԱԼ` ԱՅՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, ՈՒՐ ՇԷՅՔՍՓԻՐԻ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԲԵՒԻՑԷ ՉԷ ԲԵՄԱԴՐՈՒԱԾ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ: ԹԱՏԵՐԱՍՐԱՀԻՆ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-ԻՆ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՇՐՋԱՊՏՈՅՏԸ ՕՏԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՍԱՆԵԼԻ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ԿՈՂՔԻՆ, ՆԱԵՒ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄԻ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ:
Փառահեղ այս շրջապտոյտը պիտի նշէ երկու յոբելեան. 23 ապրիլ 2016-ը Շէյքսփիրի մահուան 400-ամեակն է, իսկ յառաջիկայ ապրիլը` ծննդեան 450-ամեակը:
«Կլոպ» թատերասրահի գեղարուեստական ղեկավար Տոմինիք Տրոմկուլ իրադարձութիւնը կը կոչէ «զգայացունց»:
Թատերասրահին թատերախումբը երկու տարի շարունակ պիտի շրջի աշխարհի տարածքին` «Համլեթ»-ը ներկայացնելու համար շուրջ 200 երկիրներու մէջ: Շրջապտոյտը պիտի աւարտի 23 ապրիլ 2016-ին:
Նպատակը այն է, որ նոյն դերակատարները թատերախաղը ներկայացնեն աշխարհի իւրաքանչիւր երկրի մէջ` ամէն անգամ դէպի արտասահման երկու ամսուան ճամբորդութիւններ կատարելով: Երբ Տրոմկուլի հարց տրուած է, թէ արդեօք ասիկա վհատութի՞ւն կը պատճառէ իր թատերախումբին, ան պատասխանած է.
«Թատերախումբին անդամները արդէն խանդավառ են: Երեւակայեցէ՛ք, թէ օր մը ի՛նչ հրաշալի յուշ մը պիտի պատմեն իրենց թոռներուն: Ասիկա դերասանի մը երազն է»:
«Կլոպ»-ին բեմադրած «Համլեթ»-ը 2011-էն ի վեր արդէն ներկայացուած է Գերմանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
«Թատերախաղը բաւական կրճատուած է. շուրջ 2.5 ժամ կը տեւէ, ինչ որ կարճ է «Համլեթ»-ի համար, որ պիտի ներկայացուի 8 անդամներով: Շրջապտոյտին պիտի մասնակցին ընդամէնը 12 դերասաններ», կը բացատրէ ան:
Արդէն գիտենք, թէ այս բեմադրութիւնը կը յարմարի ամէն տեսակ վայրի. ազգային թատրոններու շողշողուն աշտանակներով հանդիսաւոր սրահներէն` մինչեւ շուկաներու սովորական հրապարակ մը կամ պարզապէս` դաշտ մը:
«Ասիկա քիչ մը աւելի «խենթ» շարունակութիւնն է մեր «Կլոպ թու կլոպ» ծրագիրին, որ տեղի ունեցաւ անցեալ տարի, երբ աշխարհի տարբեր կողմերէն թատերախումբեր 37 տարբեր լեզուներով ներկայացուցին շէյքսփիրեան 37 թատերախաղեր: Անցեալ տարի մեր հաստատած կապերը արդէն շատ օգնած են որոշելու, թէ ո՛ւր պիտի այցելենք»:
Տրոմկուլ կ՛ըսէ, թէ թատրերգութեան ընտրութիւնը պարզ էր. ««Համլեթ» հրաշալիօրէն հարուստ եւ այլազան թատրերգութիւն մըն է: Անիկա կրնայ գրգռել, մարտահրաւէր ուղղել, մխիթարել կամ ներշնչել: Նաեւ` շատ աւելի երգիծական է, քան ինչ որ շատեր կը կարծեն»:
«Գերմանիոյ կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր հանդիսատեսները մեծ մասամբ ծանօթ են թատրերգութեան: Սակայն ի՛նչ զգայացունց պիտի ըլլայ զայն ներկայացնել հանրութեան մը, որ առաջին անգամ ըլլալով պիտի հանդիպի «Համլեթ»-ին: Պիտի ապրինք նոյն այն զգացումը, զոր ապրած էր Շէյքսփիր»:
Թէեւ մանրամասն ծրագիր մը տակաւին չէ պատրաստուած, սակայն «Կլոպ»-ի գեղարուեստական ղեկավարը կը հաւատայ, թէ` «շատ արագ պիտի անցնինք Եւրոպայէն. մէկ կամ երկու ներկայացում պիտի տանք իւրաքանչիւր վայրի մէջ, սակայն նոյնիսկ այս սեղմ ծրագիրը կ՛ընդգրկէ շուրջ 50 երկիր»:
«Կը յուսանք Քարայիպեան կղզիներ այցելել նաւով: Չեմ բացառեր մեր կշռոյթը դանդաղեցնելու փորձութիւնը: Իսկ Խաղաղականի կղզիներ այցելութիւնը անընդհատ օդանաւ բարձրանալու եւ օդանաւէն իջնելու վիճակ մը պիտի ստեղծէ», կ՛ըսէ ան:
«Կը կարծեմ, թէ մինչեւ մէկ տարի պիտի տեսնենք, թէ այս բեմադրութիւնը իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին ի՛նչ իւրայատկութիւններ պիտի յայտնաբերէ: Անիկա նոյն զգացումները պիտի չստեղծէ Թուվալուի եւ Դանիոյ մէջ»:
«Մարդիկ Շէյքսփիրը կ՛առնչեն Լոնտոնի հետ եւ մանաւանդ` «Կլոպ»-ի: Ասիկա գոհունակութիւն կը պատճառէ: Սակայն իրականութեան մէջ Շէյքսփիրի համանուն թատերախումբը յաճախ կը շրջէր Անգլիոյ տարածքին եւ կ՛այցելէր արտասահման: Շրջապտոյտի ծիր մը կար, որ կը տարածուէր Հոլանտայէն մինչեւ հիւսիսային Գերմանիա եւ նոյնիսկ` Լեհաստան»:
«Հաւանաբար 4 դար առաջ Շէյքսփիր եւս կը մտածէր, թէ այնքան ալ կարեւոր չէ, որ հանդիսատեսները կատարեալ անգլերէնի տիրապետեն: Իրեն յատուկ ներգործութիւն մը կ՛ունենայ բեմադրութեան մը ֆիզիքական բնոյթը, ինչպէս նաեւ` տիպարներուն միջեւ յարաբերութիւնը: Մարդիկ սովորաբար շատ դիւրութեամբ կ՛ընկալեն Շէյքսփիրի թատերախաղերուն հոգեբանութիւնը»:
Շէյքսփիրի «Կլոպ» թատերասրահին բացումը կատարուեցաւ 1997-ին: Անիկա կառուցուած է 1599-ին Շէյքսփիրի հիմնած «Կլոպ» թատերասրահին պատմական վայրէն քանի մը վայրկեան հեռու: Թատերասրահը չի վայելեր պետական օժանդակութիւն, հետեւաբար այս նոր ծրագիրը բաւական փառատենչ է նիւթական առումով:
Այսուհանդերձ, Տրոմկուլ անհամբեր է լսելու այն նոր յայտնաբերումներուն մասին, զորս պիտի կատարէ թատերախումբը` իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին, նոյնիսկ երբ ինք նստած է Լոնտոնի մէջ:
«Արտասովոր փորձառութիւն մըն է արտասահմանի մէջ սահմանափակ անգլերէն հասկցող հանրութեան մը ներկայացնել անգլերէն թատերախաղ մը: Ասիկա Քէ. ճառագայթով կը պարզէ թատերախաղի մը էութիւնը», կը բացատրէ ան:
«Կը նմանի լոյս մը արձակելու եւ յանկարծ տեսնելու, թէ ոսկորներու ինչպիսի կազմուածք մը կայ արտաքին երեւոյթի մը ետին: Այս շրջապտոյտէն պիտի օգտուինք գէթ նոյնքան, որքան` մեր հանդիսատեսները»:



