Ազգային Ռուբինեան Ս. Մ. Վարժարանի Վկայականաց Բաշխման Տարեվերջի Հանդէս

 

 

 

 

 

 

 

Հայ վարժարանը կանգուն պահել` կը նշանակէ` մեր ազգային կեանքի բերդը ամուր պահել:

Այդ բերդը` հայ ժողովուրդի փարոսը վառ պահելու ի գին, ոչ մէկ ճիգ խնայած են հայ գիրի ու գրականութեան անվերապահ մարտիկներ, ազգին նուիրեալ հերոսներն ու մտաւորականներ:

Ազգային Ռուբինեան Ս. Մ. վարժարանը իր տասնեակ տարիներու սերնդակերտման առաքելութեամբ կը մնայ մեր ազգային կեանքի կարեւոր կռուաններէն մէկը:

Հինգշաբթի, 27 յունիս 2013-ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2012-2013 տարեշրջանի մանկամսուրի, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի վկայականաց բաշխման հանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախագահութեամբ Մարթա Թորոսեանի:

Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք աշակերտները գործադրեցին իրենց կոկիկ յայտագիրը:

Ներկաները հիացմունքով ըմբոշխնեցին բեմին խորապատկերը, որ կը պատկանէր վարժարանի արուեստի եւ նկարչութեան ուսուցչուհի Ամալիա Երամեանին. հոն կային Արարատ լեռը, Մայր Հայաստանը, հայ եկեղեցին ու դպրոցը, նաեւ` հայրենասէր հայ մայրը, որ իր դստեր կ՛ուսուցանէր հայերէն:

Փոքրիկն Սինթիա Մարսելեան (Ծաղիկ դասարան) կատարեց բացման խօսքը:

Յաջորդական ելոյթներով աշակերտները հրամցուցին հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով փունջ մը խօսքեր, նաեւ` երգեր ու պարեր:

Փոքրիկները անմեղութեամբ իրենց սիրոյ զգացումներն ու երախտագիտութիւնը յայտնեցին իրենց ծնողներուն յատկապէս` մօր:

Ծնողներն ու հրաւիրեալները երջանիկ պահ մը ապրեցան, երբ բեմ բարձրացան մանկամսուրի փոքրիկները, ոչ միայն ուրախութեամբ, այլ թաց աչքերով մայրեր վայելեցին անոնց քաղցր ու անմեղ շարժումները:

Ծաղիկ դասարանի աշակերտները հանդէս եկան հայկական ազգային ճոխ պարով, իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Կոկոն եւ Բողբոջ դասարանի աշակերտները:

* * *

 

 

 

 

 

 

 

Յայտագիրի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցան նախակրթարանի Գ. դասարանի աշակերտները: Նախակրթարանի Զ. դասարանի շրջանաւարտներէն Ցոլեր Աթոքեան արտասանեց հայերէն ուղերձ` հաստատելով, որ իրենց յիշողութեան մէջ վառ պիտի մնան դպրոցական քաղցր օրերը. ան շրջանաւարտ դասընկերներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, պաշտօնէութեան, նաեւ ծնողներուն` իրենց նուիրումին համար:

Հպարտութեամբ յայտնեց, թէ 2012-2013 տարեշրջանի շրջանաւարտները պիտի կոչուին` հայ մօր նուիրուած հունձք:

Ան իր խօսքը աւարտեց` նշելով, որ տէրը պիտի ըլլան ազգային արժէքներուն:

Արաբերէն ուղերձը կարդաց Մարիա Քլէյլեթ:

Ան ըսաւ, որ թէեւ յուզիչ է դպրոցէն բաժանումը, սակայն շրջանաւարտներուն եւ դպրոցին կապը պիտի մնայ ամուր, յիշատակները` միշտ վառ, որովհետեւ շատ բան տուած է իրենց Ռուբինեան վարժարանը:

Սելին Ածիլածեան կարդաց անգլերէն ուղերձը, որ նշեց, թէ ո՛ւր որ ալ գտնուին վարժարանին անունը բարձր պիտի պահեն եւ իրենց դաստիարակներն ու ծնողները հպարտ պիտի զգան իրենձմով:

Ուղերձներէն ետք բեմը տրամադրուեցաւ վարժարանի երգչախումբին, երգացանկը կ՛ընդգրկէր արաբերէն  եւ հայերէն հայրենասիրական երգեր:

Աշակերտներու ինքնավստահ եւ խանդավառ ելոյթը արժանացաւ ներկաներուն բարձր գնահատանքին ու ծափողջոյններուն, որ արդիւնքն էր ուսուցչուհի Զարմինէ Կանաչեան-Ասմինեանի բծախնդիր աշխատանքին եւ երգերու ճիշդ ընտրութեան:

Ապա շրջանաւարտները կատարեցին երկու խմբային ասմունքներ` Համաստեղի «Հայ հոգին» եւ Պ. Սեւակի «Մօր ձեռքերը» բանաստեղծութիւնները: Անոնք թատերական արուեստով եւ ճկուն կեցուածքով բոլորին ծափողջոյններուն արժանացան:

Ապա իր խօսքը փոխանցեց վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեանը: Ան ըսաւ, թէ հաւատալով ուսման անսահման բարիքներուն, շարունակելով մեր ազգային հաւատամքներուն` բարեխիղճ ծառայութիւններով աւարտեցինք 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանը, ամբողջացնելով ուսումնական լման ծրագիրը եւ գիտակցելով, թէ հայ վարժարանը ունի մեծ դերակատարութիւն մեր կեանքին մէջ:

Տնօրէնը դիտել տուաւ, որ հայ ազգային վարժարաններուն եւ անոնց ընդմէջէն Ազգ. Ռուբինեան-Սահակ Մեսրոպեան վարժարանին մատուցած ծառայութիւնները աւելի քան նիւթեղէն են, անոնց մէջ կայ ոգի, յոյս ու լոյս, անոր նպատակներէն է ուսման կողքին նաեւ տեսնել դաստիարակուած հայ մարդն ու քաղաքացին, կրթուած զաւակն ու նուիրական անձը` ծառայելու իր պատկանած ազգին ու ակունքներուն:

Հանդիսութեան հայ մօր նուիրուած ըլլալուն անդրադառնալով`  Յ. Կէրկէրեան շեշտը դրաւ անոր անփոխարինելի արժէքին եւ սերունդներ դաստիարակելու առաքելութեան վրայ:

Այս առիթով ան շնորհակալական խօսք ուղղեց օրուան նախագահ, վաստակաշատ հայ մայր Մարթա Թորոսեանին:

Տնօրէնը իր կարգին շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ ծնողները, զանոնք խրատեց, որ ըլլան շրջապատին պիտանի հայորդիներ, նաեւ մաղթեց ուսման մէջ բարձունքներ եւ նորանոր յաջողութիւններ:

Մեծ ուրախութեամբ յայտնեց, թէ 2013-2014 ուս. տարեշրջանը պիտի դիմաւորէ վերանորոգ մանկապարտէզով եւ սրահով:

Ապա մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի աշակերտները ստացան իրենց վկայականները` ձեռամբ Գեղամ արք. Խաչերեանի, բարերարուհի Մարթա Թորոսեանի, տնօրէն Յ. Կէրկէրեանի:

Վկայականներու բաշխումէն ետք մրցանակներ ստացան տիպար աշակերտն ու ուսման մէջ բարձրագոյն միջինները ապահովող աշակերտները:

Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց առաջնորդ սրբազանը:

Ան գնահատեց բոլորին ծանր աշխատանքը, զոհողութիւնն ու նուիրումը դպրոցին անդաստանին մէջ, դպրոցի կեանքին մէջ:

Ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց Մարթա Թորոսեանին եւ անոր ընտանիքին ծառայութիւնները վարժարանին եւ եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ վկայականաց հանդիսութեան նախագահութիւնը ստանձնելու հարցով:

Ան շնորհաւորական խօսքեր ուղղեց շրջանաւարտներուն եւ ծնողներուն:

Աշակերտներուն մաղթեց ուսման մէջ բարձունքներ եւ նորանոր յաջողութիւններ:

Առաջնորդը պահպանիչով աւարտեց իր խօսքը:

Ըստ աւանդական սովորութեան,  շրջանաւարտները բարձր նետեցին իրենց գլխարկները:

Շրջանաւարտներն ու ծնողները ընդունեցին շնորհաւորանքներն եւ բարեմաղթութիւններ:

Վարձքը կատար բոլորին:

ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ-ԱՍՄԻՆԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES