Պարսելոնա – Պուսքեց Պայմանագիրի Երկարաձգում

Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնա համաձայն գտնուեցաւ իր ակումբին միջնապահներէն` Սերճիօ Պուսքեցի պայմանագրութիւնը երկարաձգելու մինչեւ 2018, միեւնոյն ժամանակ յաւելեալ մէկ տարի ալ այդ պայմանագիրը երկարաձգելու կարելիութեամբ:

Երկու կողմերուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրը կ՛ըսէ, որ եթէ 25 տարեկան Պուսքեց (կամ հակառակը` Պարսելոնա) որոշէ ստորագրուած պայմանագիրը ջնջել եւ աւելի կանուխ լքել իր ակումբը, պիտի վճարէ 150 միլիոն եւրօ:

Նշենք, որ ցարդ Պարսելոնայի հետ Պուսքեց կատարած է 238 մրցում` նշանակելով 8 կոլ:

 

Share this Article
CATEGORIES