Ճատրակ. Զաւէն Անդրէասեան` Եունիվերսիատի Փոխախոյեան
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Զաւէն Անդրէասեան, որ Քազանի մէջ (Ռուսիա) իր մասնակցութիւնը բերաւ Եունիվերսիատի 2013-ի ճատրակի խաղերուն, առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ փոխախոյեան` տիրանալով արծաթ մետալին:
Նոյն արդիւնքը արձանագրեցին ութ կրանտմասթըրներ: Թայ-պրէյքի մրցումին, Ուեսլի Սօ (Ֆիլիփեան կղզիներ) եւ Անդրէասեան բաժնեցին 1-2 դիրքերը:
Արմակետոնի փլէյ-օֆի մրցումին յաղթանակ արձանագրեց Սօ:
Armchess.am աւելցուց ըսելով, որ հայրենի միջազգային վարպետ Անդրանիկ Մաթիկոզեան առաւելագոյն 6 կէտէն 5 կէտ ապահովելով իտալացի Նիքոլօ Ռոնքեթթիի հետ բաժնեց 1-2 դիրքը` Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, որուն մասնակցեցան 52 ճատրակ խաղացողներ:
Վերջապէս, Armchess.am-էն կ՛իմանանք, որ պելճիքահայ Ռուբէն Ախայեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Անվերսի (Պելճիքա) միջազգային մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով գրաւեց 2-րդ դիրքը պելճիքացի Սթեֆան Պէօքեմայի ետին, որ ապահովեց 8 կէտ:
Մրցաշարքին մասնակցեցան 174 ճատրակ խաղացողներ:

