Ուրուկուէյցի Քաւանի Միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն իր կազմին միացուց նախորդ տարեշրջանի Սերի-Ա.-ի կոլսքորըր Էտիսոն Քաւանին` Նափոլիէն: Ան հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց մայրաքաղաքի կազմին հետ:
Ուրուկուէյցի 26 տարեկան յառաջապահը վերջին երեք տարեշրջաններուն Նափոլիի հետ նշանակեց 78 կոլ: Ան նախապէս մաս կը կազմէր Փալերմոյի:
Ըստ ֆրանսական մամուլին, անոր փոխանցումը արժած է 64 միլիոն եւրոյի:
Նշենք, որ ան 54 անգամ կրած է Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը:
CATEGORIES Մարզական

