Անսար Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով Անսար ֆութպոլի ակումբը ներկայացուց իր նոր մարզիչը` իրաքցի Հաթեֆ Շըմրանը:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսք առնելով` Անսարի նախագահ Նեպիլ Պատըր, որ միեւնոյն ժամանակ ալ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին նախագահն է, ըսաւ, որ նոր տարեշրջանին նախօրեակին կ՛ուզենք տեսնել զօրաւոր Անսար մը, որ կարենայ պայքար մղել թէ՛ տեղական եւ թէ՛ արաբական խումբերու դէմ:

Խօսելով խումբին պիւտճէին մասին` Պատըր ըսաւ, որ անիկա պիտի ըլլայ երկրորդը` լիբանանեան ակումբներուն մէջ:

Ապա, անդրադառնալով Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ընտրութիւններուն ան ըսաւ, որ Անսար յետս կոչեց ակումբի ընդհանուր քարտուղար Ուատտահ Սատեքի առաջադրած թեկնածութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ գծով քաղաքական համաձայնութիւն գոյացաւ:

Նշենք, որ Շամրան փոխարինեց Ժամալ Թահան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES