Տորթմունտ Յաղթեց. Մխիթարեան` Կոլի Հեղինակ

Պատրաստուելու համար «Պունտըսլիկա»-ի 2013-2014 տարեշրջանին, ներկայիս Պորուսիա Տորթմունտ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ Զուիցերիոյ մէջ, ուր բնականաբար նաեւ կը կատարէ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի նոր ակումբը` Տորթմունտ, որ Զուիցերիոյ մէջ մրցեցաւ տեղւոյն կազմերէն Լիւցերնի դէմ, 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Ինչպէս նախորդ երկու մրցումներուն, այս մրցումին եւս Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 42-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին երրորդ կոլը: Բ. կիսախաղին Տորթմունտի մարզիչ Եիւրկը Քլոպ փոխարինեց Մխիթարեանը:

Շաբաթավերջին Տորթմունտ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Թելեքոմ Քափ»-ի մրցաշարքին:

Share this Article
CATEGORIES