Թենիս. Պրումմանայի Մրցաշարք. Արձանագրութեան Վերջին Պայմանաժամ` Ուրբաթ, 19 Յուլիս

Ինչպէս ծանօթ է, երկուշաբթի, 22 յուլիսին կը սկսի Պրումմանայի թենիսի 73-րդ մրցաշարքը` անոր դաշտերուն վրայ: Մրցաշարքը կը կրէ Արզի բաժակի մրցաշարք անունը:

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին հսկողութիւնը վայելող թենիսի այս մրցաշարքին արձանագրուելու համար վերջին պայմանաժամ տրուած է ուրբաթ, 19 յուլիս, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ը` նկատի ունենալով, որ անոր վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 20 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, կազմակերպիչ ակումբին մէջ:

Մրցաշարքին մասնակցիլ փափաքողները պարտին հեռաձայնել հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 71-641743 եւ 76-863784:

Share this Article
CATEGORIES