ԹՐՔԱԿԱՆ «ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ»` 7 ՏՈԿՈՍԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ
Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու ելեւէջային իրավիճակը կտրուկ զառիթափ բռնելու ընթացքին մէջ կը թուի ըլլալ: Վարչապետ Էրտողան սկսած է պայմանաժամով խօսիլ Դամասկոսի հետ` իր յանձնարարած բարեփոխումները կատարուած տեսնելու ակնկալութեան շեշտումով: Տակաւին` յայտարարելով, որ Թուրքիան չի կրնար անտարբեր մնալ սուրիացի ժողովուրդին դէմ կիրարկուած բռնարարքներուն ի տես:
Թրքական «սպառնալիք»ներուն դիմաց համեմատաբար զուսպ հակազդեցութիւններու կը դիմէ պաշտօնական Դամասկոսը` հասկնալի պատճառներով: Միջպետական յարաբերութիւններու հիմնական առանցքը, որ յայտարարողական փոխասացութիւններուն մէջ չ՛երեւիր, քրտական հանգոյցն է: Մերթ ընդ մերթ լրատուութիւններ կը շրջագային, որ սուրիական իշխանութիւնները Թուրքիոյ յանձնած են քրտական խմբաւորումներու անդամներ: Չմոռնանք, որ 15 յունիսին համար յայտարարուած է քրտական ըմբոստութեան վերազարթօնքը Թուրքիոյ տարածքին: Սուրիոյ մէջ քրտական խմբաւորումներու յենարանները լուրջ սպառնալիք են Թուրքիոյ թիւ 1 խնդիրին համար:
Կեդրոնանանք բուն հարցին վրայ: Թրքական «Սապահ»ը, նկարագրելէ ետք թուրք-սուրիական վատթարացող յարաբերութիւնները, կը գրէ, որ Անգարան մտահոգուած է Սուրիոյ տարածքին ապրող եւ բնակչութեան 7 տոկոսը կազմող քիւրտ, հայ եւ չերքեզ ազգաբնակչութիւններու իրավիճակով եւ կ՛աւելցնէ, որ անհրաժեշտութեան պարագային անոնց դիմաց կը բանայ Թուրքիոյ դռները: Նման պարագայի, ըստ «Սապահ»ին, Թուրքիա մուտք պիտի գործեն 500 հազարէն մինչեւ 1 միլիոն գաղթականներ:
Անհրաժեշտ լուսարձակի տարողութիւն չէր բացուեր նման լրատուութեան մը վրայ, եթէ թերթը այս տեղեկութիւններուն համար չվկայակոչէր թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ: Պարզ է, որ պաշտօնական լրատուութիւն շրջանառութեան մէջ դնելու անուղղակի ձեւի կիրարկումն է արձանագրուածը:
«Սապահ»ի այս լրատուութիւնը կը հակադրուի «Տի ինտիփենտընթ»ի մէջ լոյս տեսած եւ Ռոպըրթ Ֆիսքի ստորագրութիւնը կրող մեկնաբանական յօդուածին բովանդակութեան, ուր կը նախատեսուէր, որ Թուրքիա կը պատրաստուի Սուրիոյ տարածքին` Քամըշլի քաղաքի եւ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ հիմնել գաղթականներու ճամբարներ` թոյլ չտալով անոնց մուտքը Թուրքիա:
Ուրեմն: Պահ մը շրջանցենք Ֆիսքի նախատեսութիւնը եւ կեդրոնանանք «Սապահ»ի տեղեկատուութեան վրայ` (տար)համոզուելու համար, որ Թուրքիան մտահոգ է ի շարս քիւրտ եւ չերքեզ ազգաբնակչութիւններուն, նաեւ սուրիահայ համայնքին իրավիճակով… Շարունակենք. Թուրքիոյ դռները պիտի բացուին Սուրիոյ բնակչութեան 7 տոկոսին դիմաց, որոնց շարքին նաեւ հայ գաղթականներ ընդունելու համար:
Դժուար է թրքական ցուցադրուող հիւրընկալութեան մասին այս պարագային ծաղրանկարային իրավիճակ բնութագրելու փորձութենէն հեռու մնալը: Արձանագրենք միայն, որ ինը տասնամեակ առաջ Թուրքիայէն դէպի սուրիական անապատները բռնատեղահանուած, ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ գաղթականներն էին, որոնց դիմաց դռները բացաւ Սուրիան: Հիմա հակառակ ուղղութեամբ, իրողութիւններ նենգափոխելու անուղղակի ձեւերով, Թուրքիան հակաճգնաժամային, մարդասիրական տարազներու տակ գաղթականական հոսք ընդունելու եղանակներուն մասին կը խօսի:
Գաղթականութիւն տեղափոխելու եւ տեղաւորելու թրքական փորձը ցեղասպանութեամբ աւարտած է: Սուրիոյ բնակչութեան 7 տոկոսը նման «տեղափոխութեան» կարիքը զգալու նախադրեալներ ցոյց չի տար: Մանաւանդ որ գաղթականներու թիւին նախատեսութեան առումով «Սապահ»ի հրապարակած թիւերը` մէկ միլիոն եւ 500 հազար, այլ խորհուրդներ կը վերաթարմացնեն: