50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 2 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ՄԱՇՏՈՑԻ ԱՐՁԱՆԸ

Երեւանի մատենադարանի շէնքին առջեւ, մօտերս, պատկառելի հասակով պիտի կանգնի Մեսրոպ Մաշտոցի քարակերտ արձանը, գործ` քանդակագործ Ղ. Չուբարեանի: Արձանին հաստատումը կը զուգադիպի Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակին:

Ս. ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Հայաստանի մէջ մեռած է Սիմակ Սահակեան` ծանօթ մտաւորական եւ ուսուցչապետ: Ծնած էր Ագարակ, 1870-ին, հողագործ ընտանիքէ: Յաճախած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան, ապա ուսուցչական պաշտօններ վարած` Ներսիսեան եւ այլ դպրոցներու մէջ: 1921-ին նշանակուած էր «Հոկտեմբերիկ» մանկական ամսագրի խմբագիր, իսկ աւելի ուշ` «Սովետական մանկավարժ»ին: Մանկավարժական բեղմնաւոր աշխատանքէն զատ, ունեցած է նաեւ հասարակական ժրաջան գործունէութիւն:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ օրուան ժամերը փոխուեցան Հայաստանի մէջ մայիս 3-էն սկսեալ: Օրուան աշխատանքները կը սկսին առաւօտեան ժամը 8:30-ին եւ կ՛աւարտին ժամը 16:00-ին` ցերեկուան կէս ժամուան ընդմիջումով: Կարգ մը պաշտօնատուներու, վաճառատուներու եւ գործարաններու մէջ, գործի սկսելու ժամերը կը տարբերին 7-էն 10-ը:

ԿԱՇԱՌԱԿԵՐՈՒԹԵԱՆ եւ դրամաշորթութեան յանցանքով ութ տարուան բանտարկութեան եւ անձնական ամբողջ գոյքի բռնագրաւումով դատապարտուած է Կիրովականի (Վանաձոր, Ա.) քաղաքային խորհուրդի նախագահին տեղակալը` Ա. Յարութիւնեան: Զանազաններէ կաշառք ստացած է` բնակարանները շուտ յանձնելու խոստումով:

ԵՐԵՒԱՆԻ, Լենինականի (Գիւմրի, Ա.) եւ Կիրովականի մէջ տեղի ունեցան Խ. Միութեան ոտնագնդակի երկրորդ դասի ախոյեանական մրցումները: Երեք վայրերուն մէջ ալ հայկական խումբերը պարտութեան մատնած են ֆրունզիէ, Թալինի եւ Ռիկայի խումբերը: Իր կարգին, «Սպարտակ» առաջին դասի խումբը պարտութեան մատնած է Թաշքենտի խումբը` 3 – 0, իսկ պարտուած է Մոսկուայի զինուորականներու խումբէն` 2 – 4:

ՕՆՆԻԿ ՕՀԱՆԵԱՆ ոճրագործ մըն էր, որ մահուան դատապարտուեցաւ Երեւանի դատարանին կողմէ: Մասնագիտութիւն դարձուցած էր ոսկեղէններ գողնալու համար կիները գլուխէ հանել եւ բացօթեայ դաշտերու մէջ գինովցնելէ ետք, խեղդել զանոնք:

ՀԱՅՈՒ ՈԴԻՍԱԿԱՆ

ԿՆՔԱՀԱՅՐ ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ…

Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին մէջ կը կարդանք հետեւեալ յուզիչ «կը փնտռուի»ն.-

Այրի կին մը, որ Սեբաստիայէն նոր է եկած եւ «Գարակէօզեան»ի մէջ կ՛աշխատի, այժմ ունի հինգ զաւակներ, որոնք չեն մկրտուած տակաւին: Տղոց ամէնէն մեծը 12, իսկ փոքրը 4 տարեկան են. կայ նաեւ ուրիշ «Գարակէօզեան»ի սան մը, որ չէ մկրտուած տակաւին:

Որպէսզի այս որբ տղաքը առանց կնքահայրի չմնան, կը փնտռուին բարեսէր ազգայիններ, որոնք կնքահայր ըլլան այդ 4 մանչ եւ 2 աղջիկներուն, որոնց մկրտութիւնը տեղի պիտի ունենայ 25 մայիսին, հինգշաբթի, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ:

Փափաքողներէն կը խնդրուի դիմել «Գարակէօզեան» վարժարանի տնօրէնութեան` մինչեւ 24 մայիս, չորեքշաբթի:

ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՄՈՍԿՈՒԱ ՄԵԿՆԱԾ Է

Մայիս 22-ին Գահիրէ հասած է մեծահամբաւ երգահան Արամ Խաչատուրեան եւ օդակայանին մէջ դիմաւորուած խումբ մը ազգայիններու կողմէ:

Շաբաթ, մայիս 27-ին, Գահիրէէն օդանաւով մեկնած է Մոսկուա:

Share this Article
CATEGORIES