«Տղաս Արաբական Դպրոց Պիտի Ղրկեմ Յառաջիկայ Տարի»

ՍԱԼԲԻ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Յաճախ վերոյիշեալ արտայայտութիւնը կը լսենք ծնողներէն եւ նաեւ աշակերտներէն` դպրոցական տարեշրջանի աւարտին:

Երկու տարիներու ընթացքին, երբ տան մէջ  աշակերտներու դասերուն կը հետեւէի, անդրադարձայ, որ աշակերտը գանգատով, ակամայ կը մօտենար հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայերէնով աշխարհագրութեան տնային պարտականութիւններուն եւ գրաւորներուն:

Մենք` քոյրերով ալ յիշեցինք, թէ ինչպէ՛ս աւարտական դասարան եղած ատեն գոց կը սորվէինք զանազան հայ հեղինակներու կենսագրութիւնները, հայերէն բառերու իմաստները, հայոց պատմութեան թուականները … բայց հիմա ի՞նչ բանի օգտակար են անոնք` կը մտածենք: Արդեօք անպէ՞տք էին, քանի որ հիմա չենք գործածեր ու մեր գործերու մէջ պիտանի չեն:

Աշակերտներէս նաեւ լսեցի գանգատներ եւ արդարացումներ` այս նիւթերուն շուրջ, մանաւանդ որ պետական քննութիւններու սեմին կը մօտենայինք: Ինչո՞ւ աշակերտներ պիտի չսիրեն սորվիլ հայոց լեզուն, քերականութիւնը եւ հայոց պատմութիւնը:

Հայկական դպրոցները իրենց կարելիին չափով, կարծեմ, կը փորձեն թեթեւցնել հայոց լեզուի դասերը, որ չծանրաբեռնեն աշակերտները քննութեան ժամանակ: Բայց կարծեմ հարց մը կայ եւ միասին մտածենք լուծումներու մասին:

Պահպանենք մեր հայոց լեզուն եւ հայկական դպրոցները: Կարգ մը գաղափարներ կան այս նիւթին նկատմամբ: Վստահաբար ինձմէ աւելի փորձառու մարդիկ կան, բայց հետեւեալները պարզապէս առաջարկներ են: Օրինակ, ունենանք մէկ համապարփակ մը, որ կ՛ընդգրկէ հայոց լեզուի, քերականութեան, խօսակցական հայոց պատմութեան (հարցում-պատասխան) գիրքերու շարքեր կամ դպրոցական պահեր: Ինչո՞ւ չլսել հայերէն երգեր դասապահերու ընթացքին, հայոց պատմութիւն սորվիլ թատրոնի եւ խօսակցական ձեւերով: Թերեւս արդի ուսուցանելու ձեւեր օգտագործել` օգտագործելով ներկայ գիտութեան, համացանցի, եւ Դիմատետրի ծառայութիւնները:

Անշուշտ թերեւս կը մնան գիտական, բժշկական բառեր եւ օտար նոր բառեր, որոնց թարգմանութիւնը կայ: Օրինակ` նոր սորվեցայ, թէ «facebook» բառը հայերէնով կ՛ըլլայ ԴԻՄԱՏԵՏՐ: Նաեւ գնահատելի է, երբ հայկական ռատիոկայանէ մը խօսնակը կ՛անդրադարձնէ, թէ որքան թրքերէն եւ արաբերէն բառեր կը գործածեն կարգ մը հայեր, եւ կը շեշտէ, որ պէտք է ճիշդ խօսինք հայոց լեզուն:

Իսկ այս տարի կ՛ուսուցանեմ քանի մը այլ աշակերտներու, որոնք դրական կեցուածք ունէին հայերէնին նկատմամբ: Հայոց պատմութեան դաս մը խանդավառութեամբ ինծի պատմեցին, որ էր` Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ 301 թուին առաջին քրիստոնեայ պետութեան մասին:

Յիշելով մեր քրիստոնեայ հայ  անցեալը` որքան  աւելի պինդ բռնելու ենք մեր ինքնութիւնը, մեր հայոց լեզուն, դպրոցները: Նաեւ յոյժ կարեւոր են, որ արժեւորենք մեր բանաստեղծներն ու գրողները, որոնց կենսագրութիւնները հիմա թերեւս չենք յիշեր, բայց վստահաբար կը յիշենք գոնէ քանի մը անուններ, օրինակ` Պետրոս Դուրեան, Յովհաննէս Թումանեան, Վահան Տէրեան, Միսաք Մեծարենց, Մատթէոս Զարիֆեան, Պարոյր Սեւակ…

Ուրեմն, չէ՛, մենք հայկական դպրոց պիտի երթանք, պիտի խօսինք արաբերէն եւ այլ լեզուներ, բայց միշտ խօսելով ճիշդ հայերէն եւ մնալով հայ քրիստոնեաներ:

3 յուլիս 2013

 

Share this Article
CATEGORIES