Շուրջ 100 Հայորդիներ Ստացան Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիութիւն
Երէկ իւրայատուկ օր մըն էր բազմաթիւ լիբանանահայերու համար: Արդարեւ, հինգշաբթի, 18 յուլիս 2013-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն բազմաթիւ հայորդիներ կը փութային Պէյրութէն քիչ մը վեր, Ռապիէի բարձունքին վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր ժամադրուած էին իրենց կեանքի անկիւնադարձային մէկ հանգրուանը ապրելու: Մեծ մասամբ երիտասարդ օրիորդներ, տիկիններ ու պարոններ, անխառն երջանկութեամբ կը սպասէին դեսպանատան հիւրասրահին մէջ, անհամբեր լսելու դեսպանին փոխանցելիք «աւետիս»-ը: Առաւօտեան ժամը 9:00 քիչ անց, մէկ առ մէկ սրահին մէջ սկսան տեղ գրաւել դեսպանատան պատկան պատասխանատուները, դեսպանին սրահ մուտքով սկսան հնչել նախ լիբանանեան ու ապա հայկական քայլերգները: Յոտնկայս ունկնդրելէ ետք ազգային զոյգ քայլերգները, Լիբանանի մէջ Հայաստանի լիազօր ու արտակարգ դեսպան Աշոտ Քոչարեան ողջունեց ներկաները` սրտանց շնորհաւորելով զանոնք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը ստանալու առիթով: «Կը հաւատամ, որ այսօր իւրաքանչիւրիդ համար ասիկա մեծ իրադարձութիւն է, տօնական, խորհրդանշական եւ պարտաւորեցնող հանդիսութիւն: Անցագիրը թէ՛ իրաւունքներ կ՛ընձեռէ եւ թէ՛ պատասխանատուութիւն կը սահմանէ: Դուք հարուստ էք հոգեպէս եւ մշակոյթով, հարուստ` մարդկային ներուժով», ըսաւ դեսպան Քոչարեան եւ աւելցուց. «Իւրաքանչիւրիդ հայկական օճախին մէջ կը պահպանուին հայկական ոգի, լեզու, մշակոյթ եւ աւանդութիւններ, կը ծաւալի ազգանուէր եւ հայապահպան գործունէութիւն` ի նպաստ համայնքի ազգային, մշակութային կեանքի վերելքի, առկայ է սէր ու հաւատարմութիւն հայութեան, հայրենիքի, հայոց պետականութեան նկատմամբ:» Դեսպան Քոչարեան բարձր գնահատեց հիւրընկալ Լիբանանի ու յատկապէս` լիբանանահայերու ազգօգուտ գործունէութիւնն ու դրական ներդրումը մայր հայրենիքի բարգաւաճման, ծաղկումի ու վերելքի ճիգերուն մէջ: «Համոզուած եմ, որ անցագիրի ստացումը նոր կարելիութիւն պիտի ընձեռէ բոլորիդ համար, յաճախակիօրէն այցելելու Հայաստան, մասնակցելու համահայկական նշանակութիւն ունեցող միջոցառումներու, նաեւ` ձեր գիտելիքներով, փորձով եւ ներդրումներով հայրենիքի զարգացման», շեշտեց դեսպան Քոչարեան: «Այսօր իրականացաւ ձեր երազը: Դուք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով կը դառնաք անկախ, ազատ Հայաստանի քաղաքացի, ինչ որ մեծ պատիւ ու հպարտութիւն է ձեզմէ իւրաքանչիւրին համար, պատասխանատուութիւն եւ պատմական երեւոյթ», ընդգծեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ ու լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան:
Ապա դեսպանատան հիւպատոս, Կարէն Մաթեւոսեան իր կարգին շնորհաւորելով քաղաքացիութեան թեկնածուները, յստակ ոճով բացատրեց անցագիրի ստացման աստիճանական հոլովոյթը, որուն աւարտին իւրաքանչիւր նոր քաղաքացի պարտի ստորագրել նշուած փաստաթուղթին վրայ: Ներկաները յաջորդաբար անուանական կարգով ստացան իրենց նոր անցագիրը` ամբողջացնելով պահանջուած քայլերը:



