Սեւ Օր Մը` Լիբանանի Մարզաշխարհին Համար. ՖԻՊԱ-ն Չորս Տարիով Կախակայեց Լիբանանը` Ամէն Տեսակի Միջազգային Մրցաշարքերէ

Լիբանանի մարզական աշխարհը երէկ` հինգշաբթի, 18 յուլիսին, ունեցաւ իր ամէնէն սեւ օրը, երբ ՖԻՊԱ-ն յայտարարեց, որ Լիբանանը չորս տարիով կը կախակայէ միջազգային ամէն տեսակի մրցաշարքերէ եւ ախոյեանութիւններէ:

Ասիկա կը նշանակէ, որ Լիբանան դժբախտաբար իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ 1-11 օգոստոսին Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան, որ իրաւունք կու տայ խումբերուն մասնակցելու Սպանիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի աշխարհի ախոյեանութեան:

Այսօր` ուրբաթ, 12 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10:54-ին Ֆիլիփեան կղզիներէն Պէյրութի միջազգային օդակայան կը վերադառնայ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, մանաւանդ այն բանէն ետք երբ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ ՖԻՊԱ-ն չորս տարիով կը կախակայէ Լիբանանը` ամէն տեսակի միջազգային մրցաշարքերէ ու ախոյեանութիւններէ եւ բնականաբար կը սառեցնէ անոր անդամակցութիւնը` ՖԻՊԱ-ին:

Կախակայումի որոշումը տրուեցաւ լիբանանեան պասքեթպոլին մէջ քաղաքական եւ դատական մնայուն միջամտութիւններուն պատճառով, ինչ որ կը հակասէ ՖԻՊԱ-ի օրէնքներուն:

Լիբանանի պասքեթպոլի պատուիրակութիւնը կը գտնուէր Ֆիլիփեան կղզիներ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 1-11 օգոստոսին տեղի ունենալիք Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան, որմէ ետք պիտի յստականային Սպանիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցողներուն անունները:

Իր ունեցած երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Լիբանանի ողիմպիականի կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ ըսաւ, որ տարուած բոլոր աշխատանքները եւ այդ պատիժը բեկանելու բոլոր յոյսերը ի դերեւ ելան` նկատի ունենալով, որ ՖԻՊԱ-ն անդրդուելի մնաց իր որոշումին վրայ, որովհետեւ Լիբանան չէր կրցած լուծել իր ներքին հարցերը:

Այսպիսով, Լիբանան դժբախտաբար պիտի չկարենայ մասնակցիլ աշխարհի ախոյեանութեան, յաջորդաբար չորրորդ անգամ ըլլալով 2002-էն, 2006-էն եւ 2010-էն ետք:

Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբին խմբապետ Ֆատի Խաթիպ երէկ յայտարարեց, որ այսօր պիտի տրուի մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարուին բազմաթիւ մանրամասնութիւններ, որոնք բոլորին համար պիտի ըլլան զարմանալի:

Share this Article
CATEGORIES