Հենրիխ Մխիթարեան Մէկ Ամիս Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ստիպուած պիտի ըլլայ շուրջ մէկ ամիս բացակայելու դաշտերէն` նկատի ունենալով, որ ան Լիւցեռնի դէմ կատարուած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին վիրաւորուեցաւ:

Ան իր նշանակած կոլէն ետք կատարած էր անյաջող վայրէջք մը, որուն պատճառով վիրաւորած էր իր սրունքը, կը յայտնէ ֆետերասիոնին կայքէջը:

Այսպիսով, ան պիտի բացակայի 27 յուլիսին Պայէրն Միւնիխի դէմ տեղի ունենալիք Գերմանիոյ գերբաժակի մրցումէն, ինչպէս նաեւ «Պունտըսլիկա»-ի 2013-2014 տարեշրջանի Ա. հանգրուանին գծով Օկզպուրկի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն: Ան շատ հաւանաբար մասնակցի Այնթրախթի դէմ 2-րդ հանգրուանին կատարուելիք մրցումին:

Share this Article
CATEGORIES