Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Մէջ Կոչ Կ՛ուղղուի Պոյքոթի Ենթարկելու Սոչիի 2014-ի Ողիմպիականը

Իր լուրը քաղելով ԻԹԱՐ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութենէն` armsport.am հայկական կայքէջը կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին մէջ կոչ կ՛ուղղուի պոյքոթի ենթարկելու 2014-ի Սոչիի ողիմպիական խաղերը` Էտուըրտ Սնոուտընի շուրջ ստեղծուած հարցին պատճառով:

Անոր համաձայն, նախագահ Պարաք Օպամա պէտք է քննէ Սոչիի ողիմպիական խաղերէն Միացեալ Նահանգներու հրաժարելուն հարցը, եթէ Ռուսիա ապաստան տրամադրէ Սնոուտընի:

Յետադարձ ակնարկ մը նետելով նշենք, որ 1980-ին Միացեալ Նահանգներ Մոսկուայի ողիմպիականի խաղերը պոյքոթի ենթարկեցին` Աֆղանիստանի պատերազմին գծով հարցերու պատճառով: Այն ժամանակ Ուաշինկթընի միացան նաեւ 65 երկիրներու ներկայացուցիչները, որոնց կարգին` Չինաստան, Քանատա եւ ուրիշներ:

Իսկ նախկին Խորհրդային Միութիւնը հրաժարեցաւ մասնակցիլ Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած 1984-ի ողիմպիականին` նկատի ունենալով, որ իր մարզիկներուն ապահովութեան եւ անվտանգութեան երաշխիքներ չտրուեցան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES