Մայքոն Միացաւ Ա. Էս. Ռոմայի
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, պրազիլցի միջազգային նախկին յետսապահ Մայքոն իր կազմը` Մանչեսթըր Սիթին լքելով միացաւ «Սերի-Ա.»-ի կազմերէն Ա. Էս. Ռոմային:
31 տարեկան Մայքոն, որ 2003-էն 2011, 66 անգամ կրած է Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը, տարի մը առաջ անգլիական ակումբին միացաւ Ինթեր Միլանէն` փոխան 4,5 միլիոն ամերիկեան տոլարի:
Սիթիի պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Փապլօ Զապելեթայի եւ Միքահ Ռիչըրտծի ներկայութիւնը` անոր խաղացած դիրքին վրայ (աջ-յետսապահ), պատճառ դարձան, որ ան մեկնի Իտալիա` հոն շարունակելու համար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
CATEGORIES Մարզական

