Չելսի Կ՛ուզէ Ձեռք Ձգել Ռունիի Ստորագրութիւնը

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Չելսի, ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ, որպէսզի իր կազմին միացնէ Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Ուէյն Ռունին, հակառակ անոր որ վերջինիս ակումբը կը շեշտէ, որ իր մարզիկը ծախու չէ:

Չելսիի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կ՛ուզենք մեր կազմին միացնել 27 տարեկան Ռունին, որ ըստ երեւոյթին դժգոհ է իր ակումբէն:

Անգլիական մամուլին համաձայն, կը կարծուի, որ լոնտոնեան ակումբը` Չելսի, ձեռք ձգէ Ռունիի ստորագրութիւնը` նկատի ունենալով, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի թեքնիք տնօրէն Էտ Վուտվորտ ակումբին Աւստրալիոյ մէջ կատարած շրջապտոյտը լքելով վերադարձած է Անգլիա` բանակցութիւններու համար:

Share this Article
CATEGORIES