Քննական Ոսպնեակ. Մեր Խօսքը
Կեդրոնացումի Եւ Տարածականութեան Միջեւ.
Հայկական Լիբանանի Ապագան
Սփիւռքի բաբախուն սիրտը… Էր երբեմն այսպէս կը բնորոշուէր միջերկրականեան այս գաղութը, Լիբանանի հայկական գաղութը, որ իր քոյր` Սուրիոյ հայկական գաղութին հետ միասին կը կրէր հայկական գաղթաշխարհին մարդուժ մատակարարելու եւ համահայկական օրակարգերը ճշդելու գլխաւոր պարտականութիւնը: «Բաբախուն սիրտ»-ի հասկացողութիւնը մնաց տիրական նաեւ լիբանանեան չարաբաստիկ քաղաքացիական պատերազմէն ետք` հակառակ արտագաղթին բերմամբ գաղութին դիմագրաւած ներքին սպառումին: Ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, երբ կը խօսուի դասական արեւմտահայ սփիւռքի հասկացողութեան մասին, կարելի չէ անտեսել հայաստանամերձ հայկական գաղթօճախներուն կարեւորութիւնը` իբրեւ դեր եւ դիրք, հայկական ռազմավարական մտածողութիւնը ուղղորդելու աշխատանքին մէջ: Եւ այս պարունակին մէջ ալ լիբանանահայ գաղութը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի:
Ճիշդ այս առանձնայատուկ նշանակութեան համար ալ անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի բազմակողմանիօրէն ուսումնասիրելու գաղութին ապագայ հեռանկարները: Պատմութիւն ունեցող այս գաղութը (յիշենք, Մեծ եղեռնէն տակաւին շատ առաջ Լիբանանի մէջ հայկական գաղութ գոյութիւն ունէր, գոնէ Զմմառու պատմական վանքը եւ 19-րդ դարուն լիբանանեան կեանքին մէջ հայերուն բերած նպաստը վկայ) վստահաբար տակաւին գոյատեւելու նախադրեալներ ունի, բայց` ինքնանպատա՞կ գոյատեւել: Պատմութիւնը երկու ուղղութիւն ցոյց կու տայ գաղութին դերակատարութեան իմաստով, նախ` հայկական կեանքին մէջ որոշադրիչ դերակատարութիւն, մանաւանդ` Հայ դատի հետապնդման մակարդակին վրայ, իսկ երկրորդ, որ եւ նուազ կարեւոր չէ, լիբանանեան բազմատարր խճանկարին ծիրին մէջ զանազան մարզերու զարգացման աշխատանքին մէջ իւրայատուկ նպաստ ունենալ: Այս առումով իսկ գոյատեւելը կը դադրի ինքնանպատակ հասկացողութիւն ըլլալէ, կը դառնայ միջոց` հայեացքները ապագայատեսիլ նպատակի մը սեւեռելու:
Բայց ճիշդ հոս է հարցը: Ինչպէ՞ս գաղութը ուշադրութիւն սեւեռած պիտի ըլլայ նպատակի մը վրայ` մարդուժի տագնապի պայմաններուն մէջ: Նաեւ կայ ուրիշ հարց, որ կը մարմնաւորուի ընկերային-դասակարգային յարաբերութիւններու փոփոխութեամբ, որ անցաւ զանազան հանգրուաններէ: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք ժամանակակից հասկացողութեամբ լիբանանահայ գաղութը սկսաւ կազմաւորուիլ աղքատիկ վրանաքաղաքներու եւ քեմփերու մէջ կեդրոնացումով, յաջորդ հանգրուանը միջին դասակարգի ոտքի կանգնելուն եւ Պէյրութի կեդրոնին մէջ կեդրոնացման հանգրուանն էր, ապա քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին բերումով եւ ապահովական նկատառումներով կեդրոնացումը` Պուրճ Համուտ թաղամասին մէջ, իսկ յետպատերազմեան հանգրուանին արդէն տիրական դարձաւ պուրճհամուտեան սահմաններէն դուրս գալը եւ տարածուիլը Մեթնի զանազան շրջաններուն մէջ` զուգահեռ ընթանալով բարեկեցութեան որոշ մակարդակ մը ձեռք բերելու իրականութեան հետ, սակայն միաժամանակ կ՛արժէ այստեղ նաեւ նշել, որ ակնարկուած տարածականութեան երեւոյթը սկսած էր տակաւին պատերազմի ժամանակաշրջանին` կապուած քրիստոնէական շրջանակի մէջ ապահովական աւելի կայուն կացութեան մէջ գոյատեւելու հեռանկարով: Վստահաբար որեւէ քննարկում լիբանանահայ գաղութի ապագայ հեռանկարներուն վերաբերեալ պէտք չէ անտեսէ նաեւ Պեքաայի հովիտին մէջ գտնուող Այնճար հայաւանը, որուն գոյատեւման եւ զարգացման հարցը նոյնպէս կարելի չէ անջատել գաղութային ընդհանուր մտահոգութիւններու պարունակէն:
Որ այս գաղութը հետագայ 10-20 տարիներուն ինչպիսի՞ հեռանկար պիտի ունենայ, վստահաբար այսպիսի հարց կարելի չէ քննարկել մեկնելով ազգային զգացական մօտեցումէն: Հասկնալի է, հայը ունի հսկայական պատմական փորձ եւ յիշողութիւն, բայց անհրաժեշտաբար շեշտը կը դրուի կարկինը լայն բանալու եւ անցեալի կապանքներէն ձերբազատելու կարեւորութեան վրայ: Այս իմաստով ալ կը դրուի հարցերը քննական մօտեցումով արծարծելու սկզբունքը, որ այս պարագային առանձնայատուկ նշանակութիւն կը զգենու:
«Քննական ոսպնեակ» ընդհանուր խորագիրին ներքեւ այս եւ յառաջիկայ թիւերով փորձ պիտի կատարուի ըստ կարելւոյն առաւելագոյն առարկայականութիւնը ցուցաբերել լիբանանահայ գաղութին դիմագրաւած մարտահրաւէրները քննարկելու հարցին մէջ` առանցք դարձնելով կեդրոնացումի եւ տարածուածութեան տիլեման: Ուզենք թէ չուզենք, գաղութը երկու ընտրանքի միջեւ կը գտնուի հեռանկարային առումով` պահե՞լ կեդրոնացուածութեան սկզբունքը Պուրճ Համուտի շուրջ, թէ՞ շեշտը դնել, ապակեդրոնացումի սկզբունքէն մեկնելով, նաեւ տարածականութեան հասկացողութեան վրայ: Զուգահեռ, կան նաեւ առնչակից այլ հարցեր, որոնց անաչառ քննարկումը կրնայ օգտակար հանդիսանալ գաղութին ապագայ ընթացքը ճշդորոշելու իմաստով: Կայ օրինակ Պուրճ Համուտը զուտ բնակելի շրջանէ մը նաեւ ճարտարարուեստականացած շրջանի մը վերածուելուն հարցը` իր բոլոր անպատեհութիւններով հանդերձ:
Նախքան քննարկումի նիւթերուն անցնիլը` կ՛ուզենք ընդգծել կարեւորագոյն կէտ մը, առանց որուն` անիմաստ կը դառնայ գաղութէն որեւէ դերակատարութիւն սպասելը ապագայի իմաստով. մարդուժ, մարդուժ, մարդուժ: Իրենք զիրենք յարգող հասարակութիւններ որքա՛ն մեծ ներդրումներ կը կատարեն քատրեր` մարդուժ պատրաստելու իմաստով, իրենց ապագայ ընթացքը երաշխաւորելու համար…

