Քննական Ոսպնեակ. Հայերը Լիբանանի Մէջ. Աշխարհագրական Հարցեր

ՅՈՎԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Մայրաքաղաքին եւ արուարձաններուն մէջ նախկին եւ ներկայ հայաշատ թաղամասեր:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ազգային հաւաքականութիւններու գոյատեւման երաշխիքը հայրենիքի մը գոյութիւնն է: Ազգային հողի բացակայութեան, տարբեր ազգային հասարակութիւններ յաճախ ունեցած են նոյնանման վախճաններ. պայքար գոյութեան համար, ուծացում եւ մահ…

Հայ ազգի պարագան, հայրենիքէն հեռու ազգային հաւաքականութիւններու գոյատեւման պայքարի տեսակէտէն, միջազգային առումով իսկ, դասական օրինակ է: Այդ պայքարին զէնքերը, խրամատներն ու զինապահեստանոցները բազմաթիւ անգամներ ներկայացուած են, վերլուծուած ու արժեւորուած են: Ժամանակի թաւալումով, սակայն, անոնց` զէնքերուն բնական ու տրամաբանական տեղատուութեան ու յոգնածութեան հոլովոյթը հաւանաբար հարկ եղած չափով ու ձեւով չէ քննուած ու չէ արժանացած համապատասխան գնահատումներու:

Այս նախաձեռնութիւնը կը կարօտի անշուշտ հսկայական նախադրեալներու. աշխարհագրական ու քաղաքական տարաբնոյթ պայմաններու գնահատում, Հայաստանի դերի ու ուժի արժեւորում, հաւաքականութիւններու ենթակայական ու առարկայական պայմաններու եւ մտաւոր ու նիւթական ներուժի ընկալում… մարտահրաւէրներ, որոնք ձեռնոց կը նետեն հայ ազգի եւ պետութեան ղեկին յաւակնող հաստատութիւններուն ու խմբաւորումներուն:

Այս յօդուածը, հեռու վերոնշեալ գիտական տարրական տուեալներէն, չի յաւակնիր նոյնիսկ սահմանափակ ներդրում մը կատարել սփիւռքի գոյատեւման կռուաններու վերարժեւորման ու վերադասաւորման հրամայականներուն մէջ. սփիւռքի մէկ փոքր մասնիկին թուային, աշխարհագրական, առարկայական ու ենթակայական կարգ մը պայմաններուն մասին ընդհանրական, ոչ ամբողջական գնահատականներ կատարելով ու հարցադրումներ բարձրացնելով` ան, առաւելագոյնս, կը միտի քաջալերել գրաւոր զրոյց մը, վիճաբանութիւն` այս եւ աւելի ընդարձակ իմաստով սփիւռքի աշխարհագրական բաշխուածութեան խնդիրներուն ու հեռանկարներուն մասին:

Լիբանանի մէջ նախկին եւ ներկայ հայաշատ շրջաններնշաններ:

Մեր տրամադրութեան տակ չունինք լիբանանահայութեան տարածական կեդրոնացման շահեկանութեան գիտական արժեւորումը կատարող ուսումնասիրութիւններ. այդուհանդերձ, դժուար վիճելի է այն փաստը, որ առնուազն լիբանանահայութեան ազգային գիտակցութեան երկարակեցութեան, անոր իբրեւ կազմակերպ հաւաքականութիւն կայացման ու քաղաքական ներլիբանանեան թէ ազգային դերակատարի վերածման մէջ անվիճելի խարիսխ հանդիսացած է անոր տարածական կեդրոնացուածութիւնը: Լիբանանեան քաղաքական-պետական համակարգին առանձնայատուկ այս յատկանիշը ճիշդ է որ ձեւով մը պարտադրուած եղած է գաղթական հայութեան, բայց փաստ է նաեւ, որ հայութենէն բացի, Լիբանանը բաղկացնող բոլոր հաւաքականութիւնները, «օգտուելով այս բարիքէն», ամրապնդած են իրենց աշխարհագրական կեդրոնացումը եւ ստեղծած` գրեթէ անձեռնմխելի կղզեակներ:

Հայ զանգուածները, Լիբանան իրենց ժամանման տարբեր հանգրուաններուն, բնակեցուած են երկրի «հոգատար» իշխանութիւններու հայեցողութեամբ. այսինքն հայութեան գոյութենական ու ազգային պատկանելիութեան հրամայականները ոչ մէկ ատեն հանդիսացած են բնակութեան շրջաններու ընտրութեան հիմքը: Աւելի՛ն. բնակութիւն հաստատելէ տասնամեակներ ետք, տակաւին ազգային հաւաքական կեցութեան յարմարաւէտ պայմաններու համապատասխանումը «հայահոծ» շրջաններու բնական, աշխարհագրական ու քաղաքական պայմաններուն չ՛երեւիր, թէ ստուգուած է:

Այսօր, ի տես հիմնական երեք զարգացումներու, Միջին Արեւելքի կրկնուող ապահովական անկայուն կացութեան ուղղակի անդրադարձը Լիբանանի կայունութեան ու անվտանգութեան վրայ, կրօնական փոխադարձ անհանդուրժողականութեան անհամեմատ աճը տարածաշրջանին մէջ եւ հայութեան ուծացման ահագնացող թափը հրամայական կը դառնայ հայութեան աշխարհագրական բաշխուածութեան վերաքննութիւնն ու համապատասխան մարտավարական ուղղումներու մշակումը: Լիբանանի հիւսիսն ու արեւելքը` միատարր մեծամասնական տարածաշրջաններու կեդրոնը «լքուած» հայ «զանգուածներու» քաղաքական, ապահովական, տնտեսական ու ընկերային մարտահրաւէրներու դիմակալութեան ներուժը, առարկայական ստուգման պարագային, կը ցուցադրէ խոցելիութեան որոշակի նշաններ: Այդ շրջաններու տնտեսական թէ ընկերային կարողականութիւնը տասնամեակներէ արդէն չի գոհացներ շրջանի բնակչութեան կարիքներն ու իղձերը, ինչ որ մղած է բազմամարդ արտագաղթի դէպի լիբանանեան այլ հայաբնակ շրջաններ եւ կամ պարզապէս դէպի այլ բնակելի շրջաններ: Այս երեւոյթը յաճախ եւ բացառաբար դիմակալուած է ենթակայական «ծննդավայրը» չլքելու կոչերով, եւ չեն նախաձեռնուած ո՛չ ժողովուրդի տնտեսական կարիքները հոգացող ձեռնարկութիւններ, ո՛չ նորահաս երիտասարդութեան աշխատանքի առիթներ ստեղծող ծրագիրներ եւ ո՛չ ալ շրջանի ժողովուրդի ընկերային կացութիւնը բարելաւող միջոցներ: Ժողովուրդին բնակութիւնը այդ շրջաններուն մէջ ընդունուած է իբրեւ հաստատուած փաստ եւ չէ նախատեսուած տարրական զարգացման բացակայութեան` մարդկային տեղաշարժը դէպի աւելի զարգացած ու յառաջադէմ վայրեր:

Այս հոսանքի փաստին առաջ, լիբանանահայութեան ֆիզիքական թէ հոգեմտաւոր գոյութեան պատասխանատու կողմերը կոչուած են իրենց օրակարգերուն վրայ դնելու այդ շրջաններուն մէջ տակաւին բնակող հայութեան կազմակերպ ու նպատակաուղղուած վերաբնակեցումը ռազմավարականօրէն աւելի ձեռնտու վայրեր: Այս անյետաձգելի աշխատանքի իրագործման ուղիին վրայ անհրաժեշտ է շրջանցել անոր վիթխարի տարողութիւնը, ենթակայական հակափաստարկներն ու տեղական քաղաքական թէ տնտեսական «երեւելիներու» հասկնալի դիմադրութիւնը, եւ երկարաժամկէտ մասնագիտական  ծրագիրով մը ապահովել այդ շրջաններու բնակչութեան «ապահով ու հեզասահ» վերաբնակեցումը: Այս կազմակերպ տեղաշարժով կարելի կ՛ըլլայ «փրկել» բնակչութեան խոշոր մէկ տոկոսին կողքին, աւաններու նիւթական, հոգեւոր թէ մշակութային հարստութիւնները եւ օգտագործել զանոնք վերաբնակուած տարածաշրջաններու ազգային կեանքի ծաղկեցման մէջ` ըլլայ այդ Լիբանանի մէջ թէ նոյնիսկ Հայաստանի:

Մայրաքաղաքին եւ անոր մերձակայ հայահոծ թաղամասերու հոլովոյթին էութիւնը քիչ կը տարբերի վերոնշեալ բնակավայրերու հոլովոյթէն: Բաւարար է միայն վերյիշել անցնող հարիւրամեակի ընթացքին տարբեր հայաշատ թաղամասերու ապրած եղափոխութիւնը: Հայութեան բնակեցումը այդ վայրերուն մէջ նոյնպէս հիմք չէ ունեցած հայ զանգուածի բարօրութիւնն ու կազմակերպ գոյութիւնը: Բարեբախտաբար, շնորհիւ առարկայական ու ենթակայական կարգ մը ազդակներու, մայրաքաղաքին մէջ ու շուրջ կայք հաստատած հայութեան զանգուածները յաջողած են ստեղծել ազգային հաստատութիւններ ու տնտեսական բարգաւաճ ձեռնարկութիւններ եւ անոնց շուրջ ձեւաւորել գաղութային աշխուժ կեանք: Այդուհանդերձ, տասնամեակներու ընթացքին, հիմնականօրէն եւ բայց ոչ միայն լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, այս շրջաններուն հայութիւնը ապրեցաւ անկանոն տեղաշարժեր: Տեղաշարժեր, որոնք տուեալ թաղամասերուն դիմագիծը խոցելէ եւ հայատրոփ կեանքը հարուածելէ բացի, անմիջականօրէն նպաստեցին լիբանանահայութեան ընդհանուր համրանքի նօսրացման:

Այսօր, քաղաքացիական պատերազմէն 22 տարիներ ետք, համալիբանանեան տնտեսական եւ ընկերային ճգնաժամին գործած աւերը այս թաղամասերու դիմագիծի ու էութեան աղաւաղման ուղղութեամբ կը շարունակուի անկաշկանդ: Կարգ մը թաղամասերու մէջ շինարարական թափին ու մայրաքաղաքի մերձաւորութեան պատճառով բնակարաններու գիներու անհամեմատ թանկացումը, այլ թաղամասերու մէջ բնակչութեան գերակշիռ մասին հետ օտարումը, տակաւին այլ շրջաններու մէջ ընկերային ու տնտեսական տագնապներու սրումը եւ այդ իսկ պատճառով այդ շրջաններէն ներս օտարազգի բնակիչներու բազմացումը, այս բոլորին վրայ գումարած կենսոլորտային, քաղաքաշինական ու փոխադրամիջոցներու անելային կացութիւնները ձեռնոց կը նետեն ազգային պատկանելիութեան գիտակից` համախումբ գաղութային կեանքի յարատեւման: Հարկ է անմիջապէս ուսումնասիրել այս բնակավայրերէն դուրս հայ զանգուածներու ահագնացող հոսքը, կրկին` տուրք չտալով ո՛չ ենթակայական վերացական կապուածութիւններու եւ ոչ ալ խնդրի գործնական հաւանական դժուարութեան: Այս ծիրին մէջ, աւանդական թաղամասերուն փոխարինող մերձակայ բլուրներուն վրայ, կանխամտածուած թէ ոչ, ձեւաւորուող հայկական նորագոյն աւանները հարկ է որ դառնան առարկայական հոգատարութեան ու ծրագրաւորումի առարկայ:

Հարկ է, հիմնուելով հայ բնակչութեան քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու ապահովական կարիքներուն վրայ ու ձգտելով առաւելագոյնս գոհացում տալ անոնց, մշակել լիբանանահայութեան Պէյրութ-Լեռնալիբանան վերաբնակեցման երկարաժամկէտ ծրագիր` հիմնուելով արդի բնակավայրերու կառուցման ու ազգային նոր կառոյցներու վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES