Քննական Ոսպնեակ. Պուրճ Համուտը` Իբրեւ Լիբանանահայութեան Կեդրոնացումի Առանցքը. Ընկերային-Կենցաղային Քանի Մը Նկատումներ

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Պուրճ Համուտի ձկնորսական նաւահանգիստի շինարարական աշխատանքներէն մաս մը

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ինչպէս բոլոր մայրաքաղաքներուն, Պէյրութի պարագային եւս անոր արուարձանները ցոյց կու տան ընկերային իւրայատուկ դիմագիծը այդ արուարձաններուն մէջ բնակող մարդկային հաւաքականութեան: Յաճախ արուարձաններուն մէջ ներկայացուած կ՛ըլլան բնակչութեան ընկերային գետնի վրայ ամէնէն խոցելիները նկատուող խաւերը: Այդպէս է Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն պարագային, որ տասնամեակներէ ի վեր Պեքաայէն եւ հարաւային Լիբանանէն ներքին գաղթականութեան եւ աժան աշխատուժի կեդրոնացման հիմնական վայրերէն մէկն է: Եւ այդպիսին ըլլալով` բնական է, որ հոն զգալի ըլլան ընկերային-տնտեսական հարցերը:

Նմանօրինակ երեւոյթներ, ընկերային հակասութիւններու շեշտադրման առումով, մենք կը գտնենք նաեւ Պէյրութի հիւսիսային արուարձաններուն մէջ, եւ այստեղ խօսքը ի մասնաւորի կը վերաբերի Պուրճ Համուտին: Չմոռնանք, որ այստեղ ալ տեղւոյն բնակչութիւնը գոյացած է արտաքին եւ ներքին գաղթականութեան իբրեւ հետեւանք: Առաջինին պարագային Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք հայութեան հաստատումն էր Պուրճ Համուտի մէջ` սկզբնապէս թիթեղածածկ տուներով քեմփերուն մէջ, որոնց մնացորդացին տակաւին մինչեւ օրս կը հանդիպինք Տորա-Պուրճ Համուտ մայրուղիին երկու կողմերը, իսկ երկրորդին պարագան յստակ է, նոյն հոլովոյթն է, ինչ որ տեղի ունեցաւ Հարաւային արուարձաններուն մէջ` շիի համայնքի անդամներուն կեդրոնացումով:

Սակայն հիմնական տարբերութիւն կայ հիւսիսային եւ հարաւային արուարձաններուն միջեւ: Պուրճ Համուտի` ծովեզերքին անմիջապէս կից շրջանը, այսինքն այսպէս կոչուած արագ ճամբուն երկու կողմերը ի սկզբանէ յայտնի դարձած են իբրեւ գերազանցապէս ճարտարարուեստական արտադրութեան գործարաններու կեդրոնացման վայրեր (կաշիի գործարաններ կամ մետաղեայ այլազան արտադրութիւններու գործարաններ): Հայերուն գալով եւ շրջանին մէջ հաստատուելով` զարգացան զանազան բնոյթի արհեստները եւ ձեռարուեստը: Չմոռնանք նաեւ գոյութիւն ունեցող ձկնորսութեան համեստ նաւահանգիստը, որ շրջանի բնակչութենէն 400-450 ընտանիքներու ապրուստի աղբիւր կը հանդիսանայ, եւ ներկայիս շատ մեծ անհրաժեշտութիւն կը զգացուի զարգացնելու այս կենսական ապրուստի միջոցը… ոչ միայն զարգացնելու, այլեւ այս միջոցին առողջապէս անվտանգ գոյատեւումը երաշխաւորելու, մանաւանդ որ անիկա կը գտնուի Պուրճ Համուտի աղբալերան անմիջական դրացնութեամբ: Եւ ուրախալի է այստեղ նշելը, որ ամիսներէ ի վեր նաւահանգիստին եւ անոր շրջակայքին մէջ կը կատարուին լայնածաւալ ընդարձակումի, կառուցումի եւ վերանորոգման աշխատանքներ` ժամանակակից պայմաններուն հետ քայլ պահելու առումով:

Անշուշտ չենք ուզեր թերագնահատել ճարտարարուեստականացման առումով Հարաւային արուարձաններուն վիճակը, բայց եթէ երբեք ճարտարարուեստականացում կայ հոն, ապա անիկա արդիւնք է վերջին քանի մը տասնամեակներուն պարտադրած առարկայական պայմաններուն:

Վերադառնանք Պուրճ Համուտին եւ հոն տիրող ճարտարարուեստականացման երեւոյթին: Ասիկա շատ կարեւոր խնդիր է` դիտարկելու համար շրջանին զուտ բնակավայր ըլլալէ դադրիլը, որուն կը հետեւին այսպէս կոչուած «հայկական դիմագիծ»-ի աղարտումը եւ առարկայական պայմաններու բերումով մեծ թիւով հայերու բնակութիւն հաստատելը Մեթնի այլ շրջաններու մէջ: «Լիբանանեան արտածումներու եւ ճարտարարուեստական հաստատութիւններու ուղեցոյց»-ին մէջ մենք կը գտնենք, որ շրջանին մէջ գտնուող ճարտարարուեստական մեծ հաստատութիւններուն մեծամասնութիւնը ոսկերչատուներն ու գոհարեղէնի գործարաններն են (http://www.lebanon-industry.com/ar/CompanyByRegion.aspx?Id=828): Ասիկա  զարմանալի չէ, որովհետեւ վերը արդէն նշեցինք, որ հայերը իրենց հետ շրջան բերին պապենական արհեստները: Ուղղակի բնակելի շրջաններուն մէջ սկսան աննախադէպ կերպով զարգացում ապրիլ նաեւ այլ արտադրութիւններ, ինչպէս կօշիկներու արտադրութեան մարզը բարգաւաճում արձանագրեց:

Յաճախ կը նկատենք, չէ՞, ուղղակի գործատան տարածքին մէջ տեղի պակասի պատճառով գործատէրը իր գործը կ՛ընդարձակէ բնակելի տարածքի հաշուոյն, ինչպէս նաեւ յաւելեալ աժան աշխատուժի կարիք ունենալուն պատճառով աշխատանքի կ՛առնէ աշխատանք փնտռող ոչ լիբանանցիներ, առաւել եւս` շրջանի բնակիչներէն չեղող անձեր: Քաւ լիցի, մեր այս դիտարկումներէն չհասկցուի, որ ազգային կամ յարանուանական խտրականութիւն կը սերմանուի մեր կողմէ: Պուրճ Համուտը իր պատմութեան տեւողութեան եղաւ լիբանանեան այն հազուագիւտ շրջաններէն մէկը, ուր համայնքային համերաշխութեան սկզբունքը տարբեր յարանուանութիւններու միջեւ լաւագոյնս արտայայտուած էր եւ օտարահպատակներու նկատմամբ ալ ամէնէն հանդուրժողական շրջաններէն մէկը եղած է անիկա ու տակաւին կը մնայ: Բնական է նաեւ, որ գործատէրը այսպէս մտածէ, որովհետեւ անոր մտածումը միշտ սեւեռուած պիտի մնայ իր աշխատանքը եւ արտադրութիւնը ընդարձակելու գաղափարին վրայ:

Նոյնը չէ այլեւս Պուրճ Համուտի վիճակը անցնող դարու առաջին կէսին եւ հիմակուան միջեւ, նաեւ ստեղծուեցան խոր փոփոխութիւններ ընկերային փոխյարաբերութիւններուն մէջ: Այս երեւոյթին արդիւնքն է, օրինակ, բարեկեցութեան որոշ մակարդակ նուաճելէ ետք տեղւոյն բնակիչին տեղափոխուիլը այլ շրջաններ եւ հոն նոր կեանքի սկսիլը, չմոռնալով սակայն հիմնական պատճառը` աւելի հանգիստ կեանքի մը հեռանկարին փնտռտուքը եւ դարձեալ` ճարտարարուեստականացման ստեղծած բազում անպատեհութիւններն ու կենսոլորտի ապականումը, որ կը մնայ բոլոր դարերուն ամէնէն վտանգաւոր հարցերէն մէկը:

Եթէ կ՛ուզենք Պուրճ Համուտի այսպէս կոչուած «հայկական դիմագիծ»-ը պահպանել (որովհետեւ այնպէս ալ «հայկական դիմագիծ» կոչուած բանը սահմանափակուած է Նոր Մարաշ, Հարեթ Սատեր եւ մասամբ Նոր Սիս շրջաններուն մէջ, այլ խօսքով` պայմանականօրէն նախկին շոգեկառքի գիծէն սկսեալ  մինչեւ Պէյրութի գետը երկարող շրջանը միայն, իսկ Տորայի, Նոր Ատանայի, Ղիլանի, Նապաայի եւ Մար Տումիթի շրջաններուն մէջ հայկական ներկայութիւնը բաւական խորհրդանշական դարձած է), ապա պէտք է մտածենք ճարտարարուեստականացման հասկացողութիւնը շրջանը բնակութեան համար պիտանի դարձնելու սկզբունքին հետ վերահաշտեցնելու մասին: Ճարտարարուեստական շրջանի եւ բնակելի շրջանի հասկացողութիւնները պէտք է զուգահեռ ընթանան: Այսօր շինարարական ծրագիրներ կան ինչպէս Պէյրութի զանազան շրջաններու մէջ, նոյնպէս ալ Պուրճ Համուտի մէջ: Ուղղութիւնը գլխաւորաբար այդ կառոյցները առեւտրական գրասենեակներու համար օգտագործելն է: Լաւ կ՛ըլլայ, որ շինարարական ծրագիրներէն մաս մը յատկացուի բնակեցման նպատակին, որպէսզի գոնէ կասեցնենք կամ թեթեւցնենք հայկական արտահոսքը դէպի այլ շրջաններ: Անշուշտ ասոր պէտք է ընկերանայ նաեւ լուրջ ծրագիրի մշակում, համապարփակ ծրագիրի մշակում` շրջանի բնապահպանական, ժողովրդագրական, ընկերային հարցերը լուծելու համար:

Սանճաք քեմփը շուտով կրնայ պատմութեան վերածուիլ: Սակայն լիբանանահայ կեանքին մէջ տակաւին շատ թաքուն «Սանճաք քեմփեր» կրնան ըլլալ: Մեր ձեռքն է այդ պարագաներուն համար մնայուն եւ ժողովուրդին սրտին խօսող լուծումներ գտնելը: Քաղքենիական մտայնութիւնը կը կործանէ ամէն բան, մինչդեռ մարդիկ կարողութիւնը ունին չարիքէն բարիք ստեղծելու, ընկերային ամէնէն դաժան վիճակները մարդկայնութեան ծաղկումին համար օգտագործելու: Այսօր մարդկայնական ի՛նչ փորձառութիւններ պատմութեան կրնան վերածուիլ…

Փորձեցինք հակիրճ կէտերու մէջ քանի մը մտածում ներկայացնել այն բանի մասին, թէ ինչպէ՞ս կը պատկերացնենք լիբանանահայութեան բաբախուն զարկերակին` Պուրճ Համուտի հայկականութեան պահպանումին հեռանկարները: Հիմա կը խօսուի մեծ ծրագիրներու պատրաստութեան մասին, մանաւանդ` ծովեզերեայ շրջաններուն վիճակը բարելաւելու իմաստով: Կը մնայ սպասել եւ տեսնել, թէ այդ ծրագիրներուն իրագործումը որքա՛ն նպաստաւոր պիտի ըլլայ պարզ ժողովուրդին համար:

Share this Article
CATEGORIES