«Քաթարի 2022-ի Մոնտիալը Պէտք Է Տեղի Ունենայ Ձմրան Ընթացքին» Կ՛ըսէ Պլեթըր

ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր Աւստրիոյ մէջ իր ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ 2022-ի Մոնտիալը պէտք է տեղի ունենայ ձմրան` նկատի ունենալով, որ ամառը Քաթարի մէջ բաւական անտանելի կ՛ըլլայ` տաքին պատճառով:

«Կարելի է դաշտերը միայն պաղեցնել, բայց ոչ` ամբողջ երկիրը: Եթէ կ՛ուզենք, որ մարզիկները լաւ ներկայացում կատարեն, պէտք է անոնց լաւ պայմաններ ընձեռենք: Ասոր համար, պէտք է լրջօրէն մտածենք եւ այս ուղղութեամբ կարեւոր քայլեր առնենք: Այս բոլորը ես պիտի առաջարկեմ, երբ յառաջիկայ հոկտեմբերին տեղի ունենայ ՖԻՖԱ-ի գործադիր յանձնախումբին նիստը», ըսաւ Պլեթըր:

Սակայն, եթէ ասիկա իրականութիւն դառնայ եւ 2022-ի Մոնտիալը տեղի ունենայ ձմրան, անիկա կրնայ իր վատ անդրադարձը ունենալ Եւրոպայի մէջ` նկատի ունենալով, որ բացի Անգլիայէն, մնացեալները այդ միջոցին ձմեռնային արձակուրդի մէջ կ՛ըլլան:

Share this Article
CATEGORIES