Պեթոնի Նման Տոկուն
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ինչէ՞ շինուած են մեր տուները, ճամբաները, կամուրջները: Մեր ոտքերուն տակ գտնուող հանքային նիւթերէ:
Ճամբաներ, կամուրջներ, մայթեր, շէնքեր, դպրոցներ… այս բոլորը շինելու համար մարդիկ կը գործածեն կրաղիւս, կիր, գաճ կամ շինութեան քարեր, ինչպէս` կրանիթ, խճաքար, կրահող…
Այս նիւթերը ճանչցուած են իրենց տոկունութեամբ. անոնք կը գտնուին մեր ոտքերուն տակ, բնութեան մէջ: Անոնք կը կոչուին «հանքային նիւթեր»:
Մարդիկ այս նիւթերը կ՛արտահանեն ընդարձակ քարահանքերէ: Ապա անոնք այս նիւթերը կը վերածեն շինութեան համար գործածուելու նիւթերու: Օրինակի համար, կրաղիւսը շինուած է աւազէ, մանր խիճերէ եւ կրաշաղախէ: Այս նիւթերը կը գործածուին տարբեր տեսակի շինութիւններու մէջ: Իսկ երբ շինութիւն մը կը քանդուի, անոր մնացորդները կը վերագործածուին: Եւ երբ քարահանք մը այլեւս չի գործածուիր, անիկա կրնայ անտառի մը կամ պահպանուած բնական վայրի մը վերածուիլ:
Պատմութեան Մէջ
– Նախապատմական մարդիկը արդէն հանքային նիւթեր կը գործածէին անոնց բազմաթիւ յատկութիւններուն պատճառով:
Ամէնէն կարծր նիւթերը կը գործածուէին գործիքներ շինելու համար (կայծքարը), ամէնէն փափուկները` ամաններ շինելու համար (կաւ), իսկ ամէնէն փայլունները` գոհարեղէններու համար (ոսկի):
– Հռոմէացիները գտան միջոցը կրաղիւս պատրաստելու` շէնքեր շինելու համար:
Անոնք կրային քարեր 800 աստիճանի տաքցուցին եւ կիր շինեցին: Այս կիրը աւազով եւ ջուրով խառնուած շաղախ կու տայ:
Այս շաղախը անոնց կարելիութիւնը տուած է կառուցելու շինութիւններ, որոնք դարեր տոկացին, ինչպէս Ք.Ե. 2-րդ դարուն Հռոմի մէջ շինուած Պանթէոնին կամարը:
– Յունաստանի Սանթորինի կղզին ալ ճանչցուած է կիրով պատուած իր ճերմակ տուներով:
Հազուագիւտ Թանկագին Քարեր
3,8 միլիառ տարիներ առաջ, գետնին տակը ճնշումին եւ տաքութեան ազդեցութեան տակ, հիւլէները, նիւթին ամէնէն փոքր մասնիկները, իրարու միացած են հանքային նիւթերը եւ ժայռեռը (համախմբուած հանքային նիւթեր) կազմելու համար:
Ամէնէն գեղեցիկ հանքային նիւթերը անշուշտ թանկագին քարերն են` զմրուխտ, սուտակ, ադամանդ… Անոնք նաեւ ամէնէն հազուագիւտներն են: Այս հանքային նիւթերէն միայն 70-ը թանկագին քարեր են: Սակայն գոյութիւն ունին 3930 հանքային նիւթեր. անոնց մէկ մասը կեանքին անհրաժեշտ են (աղ, քալսիոմ), ուրիշներ մետաղներ են (ոսկի, անագ, պղինձ), բիւրեղներ կամ ժայռեր (կրանիթ, մարմար), որոնք կը գործածենք շինարարութեան կամ ճարտարարուեստի մէջ:
Տարօրինակ Հովանոց Մը
Սպանիոյ Սեւիլիա քաղաքին մէջ Մեթրոփոլ Փարասոլը աշխարհի ամէնէն մեծ տախտակէ քաղաքի մէջ շինութիւնն է: Հովանոցի ձեւ ունեցող այս շինութիւնը կիզիչ արեւէն պաշտպանուելու շուք կու տայ:
Անգլիախօսները զայն կը նմանցնեն հովանոցի մը: Սակայն սպաներէնով անիկա կը կոչուի Լաս Սեթաս Տելա Էնքառնասիոն (Էնքառնասիոն հրապարակի սունկերը):
Հովանոցը մօտաւորապէս 26 մեթր բարձրութիւն ունի, անոր աշխատանքները վերջացած են 2011-ին: Պելճիքական ուաֆըլ քաղցրեղէնի ձեւ ունեցող տանիքը շինուած է փայտի յատուկ տեսակով մը, որ ծածկուած է զայն պաշտպանող փոլիուրեթան կոչուած յատուկ խէժի տեսակով մը:
Հովանոցը ունի չորս յարկ: Տանիքին վրայ գոյութիւն ունին դարատափեր եւ ճաշարաններ, ուրկէ կարելի է տեսնել քաղաքին միջնադարեան հրապարակը: Ճամբու մակարդակին վրայ գոյութիւն ունի բանջարեղէններու շուկայ մը: Իսկ գետնին տակը կարելի է այցելել պզտիկ թանգարան մը, ուր կը ցուցադրուին այդ վայրին մէջ գտնուած հռոմէական աւերակներ եւ գտնուած առարկաներ:
***
Հովանոցին այս կառուցուածքը յղացած է գերմանացի ճարտարապետ Եուրկըն Մայէրի գլխաւորութեամբ խմբակ մը: Ըստ երեւոյթին, Մայէր կը սիրէ ալիքաւոր ձեւերը. ան յղացած է նաեւ Դանիոյ մէջ նոյնանման կառոյցով ուտելիքի գործարան մը:
Նիւ Եորք` Աշխարհի Ամէնէն Շատ
Երկնաքերներ Ունեցող Քաղաքը
Իր 152 մեթր եւ աւելի բարձր 210 շէնքերով Նիւ Եորք Սիթի աշխարհի ամէնէն շատ երկնաքերներ ունեցող քաղաքն է: Իբրեւ Պիկ Ափըլ ճանչցուած այս քաղաքին երեք ամէնէն մեծ կառուցուածքներն են` Էմփայր Սթէյթ Պիլտինկ (381 մեթր), Պենք օֆ Ամերիքա Թաուըր (366 մեթր) եւ Քրայզլըր Պըլտինկ (318 մեթր):
Նիւ Եորքի մէջ առաջին երկնաքերները սկսան բարձրանալ 1890-ական թուականներու կէսերուն: Աւելի քան 22,1 միլիոն բնակիչ ունեցող այս քաղաքին մէջ ճարտարապետները ստիպուած են դէպի վեր բարձրանալ լայնքին ընդլայնուելու փոխարէն: Վերջին 200 տարիներուն ընթացքին Նիւ Եորք 11 անգամ արձանագրած է աշխարհի ամէնէն բարձր շէնքերու մրցանիշը:
Մրցանիշներ` Աշխարհի Ամէնէն Շատ
Երկնաքերներ Ունեցող Քաղաքները
Եւ Անոնց Թիւը
– Նիւ Եորք (Միացեալ Նահանգներ)` 210
– Հոնկ-Քոնկ (Չինաստան)` 208
– Շիքակօ (Միացեալ Նահանգներ)` 103
– Թոքիօ (Ճափոն)` 82
– Շանկհայ (Չինաստան)` 76
Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Լողաւազանը
Չիլիի մէջ Սան Ալֆոնսօ Տել Մար ծովային կեդրոնին հսկայական լողաւազանը մօտաւորապէս 8 հեկտար կը ծածկէ: Անիկա հաւասար է 6000 սովորական լողաւազաններու եւ կը պարունակէ 250 միլիոն լիթր ջուր:
Լողալու կողքին, հիւրերը կրնան նաեւ նաւարկել եւ սուզուիլ անոր ճերմակ աւազի ծովափներով շրջապատուած, մինչեւ 35 մեթր խորութիւն ունեցող աղի ջուրերուն մէջ:
Աւազանին շինութիւնը տեւեց հինգ տարի, եւ անոր բացումը կատարուեցաւ դեկտեմբեր 2006-ին: Այս ծրագրին իրագործումը կարօտեցաւ 2 միլիառ տոլարի, իսկ զայն պահելը տարեկան 2 միլիոն կը պահանջէ:
Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Մարզադաշտը
Ռունկրատօ մէյ ֆըրսթ սթատիոմ, որ նաեւ ճանչցուած է Մէյ Տէյ սթատիոմ անունով, կրնայ ընդունիլ մինչեւ 150 հազար նստած հանդիսատես: Դաշտին ներսի բաժինը ունի 204,386 քառ. մեթր տարածութիւն:
Անիկա կը գտնուի Փիոնկեանկի մէջ, Հիւսիսային Քորէա: Կը գործածուի գլխաւորաբար ֆութպոլի խաղերու եւ ուրիշ մարզական ձեռնարկներու համար: Անոր անունը եկած է Ռունկրա կղզիէն, ուր անիկա կը գտնուի Թայտոնկ գետին վրայ:
Երբ ան մարզական ձեռնարկներու համար չի գործածուիր, զայն կ՛օգտագործեն երկու ամիս տեւող Արիանկ անունով ճանչցուած փառատօնին համար:
Հետաքրքրական
ՄքՏոնալտ ճաշարաններու ընկերութիւնը իր ամէնէն մեծ ճաշարանը բացաւ Լոնտոնի մէջ միմիայն Ողիմպիական խաղերուն համար:
Ճաշարանը ունէր 3000 մեթր քառակուսի տարածք եւ աւելի քան 2000 պաշտօնեայ: Անիկա ծախեց մօտաւորապէս 50 հազար Պիկ մաք համպըրկըրներ եւ 180 հազար տապկուած գետնախնձորի տուփ` մարզիկներուն եւ հանդիսատեսներուն:
Անիկա բաց մնաց միայն վեց շաբաթ:
Ժամանց












