Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Շրջանաւարտներու 26-րդ Հունձքը
Հինգշաբթի, 11 յուլիս 2013-ի երեկոյեան, քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ կայացաւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի ամավերջի հանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ Ուսումնական խորհուրդի անդամներուն, խնամակալութեան, ուսուցիչներուն, Տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն, Շրջանաւարտից միութեան, աւարտական դասարանի ծնողներուն եւ մեծաթիւ ներկաներու:
Հանդէսին բացումը կատարուեցաւ շրջանաւարտներու կատարողութեամբ ներկայացուած Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճին քայլերգներով, որմէ ետք Նայիրի Սասունեան ասմունքեց Պ. Սեւակի «Մօր ձեռքերը» կտորը, իսկ Սերժ Ֆաթալ, Պալիկ Փանոսեան, Հրակ-Յարութ Պարտիզպանեան եւ Նժդեհ Քեթենճեան կիթառի վրայ նուագեցին երաժշտական կտոր մը: Ապա աւարտական կարգի բոլոր աշակերտները անխտիր, հայկական տարազներ հագած, միասնաբար պարեցին «Սասնայ պար»-ը:
Ներկաները դիտեցին նախկին շրջանաւարտ Հերա Գանթարճեանին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, ուր հետաքրքրական ձեւով կը ներկայացուէր աշակերտներու քոլեճին մէջ անցուցած կեանքի հանգրուանները, դպրոցական կեանքի հաճելի պահերն ու ընկերային առողջ մթնոլորտը` հասնելով մինչեւ վերջին զանգ:
Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ մանկապարտէզէն Ե. Մանուկեան քոլեճ յաճախած Սագօ Տէր Վարդանեանը, որ վերջին տարեշրջանին ստիպողաբար յաճախեց այլ հայկական վարժարան մը, որովհետեւ քոլեճը տակաւին չունէր 12-րդ դասարանի ուսողութեան բաժանմունք: Եւ տրուած ըլլալով, որ ան հոգուով ու սրտով մնաց Ե. Մանուկեանի աշակերտ ու ծառայեց անոր, տնօրէնութիւնը յարմար նկատեց բեմ հրաւիրել զայն` միանալու իր դասընկերներուն:
Արաբերէն ուղերձը կարդաց Մարիլին Էօրտեքեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն երկրորդ տան, տաքուկ ու գուրգուրոտ գրկին, որ հայ դպրոցն է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց անոր աւանդած իւրաքանչիւր տառին, իւրաքանչիւր տեղեկութեան համար, միաժամանակ շնորհակալ ըլլալով բոլոր այն ուսուցիչներուն, որոնք ուղեկցած են իր կրթական ճանապարհին, հաստատելով, որ քոլեճին փոխանցած բոլոր արժէքներն ու սկզբունքները սրտին մէջ ամուր դրոշմած` կը մեկնի քոլեճէն: Ան խօսքը աւարտեց` Աստուծմէ խնդրելով, որ զիրենք պահէ համեստ` յաջողութեան պարագային եւ աննկուն` որեւէ ձախողութեան առջեւ:
Ռուզան Տիշոյեան արտասանեց իր սրտի խօսքը: Ան անդրադարձաւ Սուրիոյ տագնապին, որուն պատճառով իրենք ստիպուած եղած էին ապաստանիլ Լիբանան, ուր փնտռած էին իրենց Ճեմարանին նման քոլեճ մը` ազգային դաստիարակութիւն ջամբող ու մակարդակաւոր, եւ գտած Ե. Մանուկեան քոլեճը, որ գրկաբաց ընդունած էր զիրենք, օգնած ու քաջալերած:
Ան իր խօսքին մէջ յիշեց օրեր առաջ Սուրիոյ մէջ վկայուած իր դասընկերները` նշելով, թէ իր երեւակայութեամբ եղած էր անոնց հետ ու մաղթեց, որ Սուրիան խաղաղի ու իրենք կարենան վերադառնալ իրենց առօրեային: Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք գրկաբաց ընդունեցին զիրենք:
Պալիկ Փանոսեան եւ Գէորգ Սասունեան հաճելի զրոյցով մը ներկայացուցին անգլերէն ուղերձը: Անոնք նախ ներկայացուցին իրենք զիրենք, ապա միասնաբար յիշեցին քոլեճին մէջ իրենց կատարած մանկական խաղերն ու չարաճճիութիւնները եւ իրենց կրթական կեանքին կապուած հաճելի յուշերը: Անոնք իրենց զրոյցը աւարտեցին շնորհակալութիւն յայտնելով ուսուցչական կազմին, տնօրէնութեան, ծնողներուն ու դասընկերներուն եւ յայտարարելով, թէ հպարտ են Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճին շրջանաւարտները ըլլալով:
ԺԱ. կարգի հրաժեշտի խօսքը կարդաց Բալիկ Պալապանեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հասած է ցտեսութիւն ըսելու պահը, ա՛յն քոլեճին, որուն յարկին տակ այսօրուան շրջանաւարտները հասակ նետեցին եւ ուր սորվեցան, թէ յաջողութիւնը կը պահանջէ ճիգ, աշխատանք ու կամք, եւ որուն յարգարժան ուսուցիչները անսահման սիրով զինեցին անոնց մտքերը անհրաժեշտ գիտելիքներով: Ան իր դասընկերներուն կողմէ յաջողութիւն ու բարի երթ մաղթեց անոնց ու ըսաւ. «Եղէք հաստատ ու երբեք մի՛ մոռնաք, որ դուք շառաւիղն էք դարաւոր պատմութիւն կերտած հայ ժողովուրդին»:
Հայերէն ուղերձով Լոռի Գանթարճեան նշեց, թէ շրջանաւարտները տարիներով ականատես եղած են զիրենք նախորդող սերունդներու հանդէսներուն, ու երազած են այն երջանիկ օրը, երբ իրե՛նք պիտի ըլլային աւարտողները: Ան քոլեճին մէջ անցուցած իրենց կեանքը նմանցուց վէպի մը, որ գրած են մէկ ձեռքով գրիչ մը ու միւսով իրենց դասատուներուն ձեռքը ամուր բռնած: Ան վէպին հերոսները նկատեց ուսուցիչները ու վէպին կարեւոր էջերը` դպրոցական առօրեան, դասագիրքերն ու գրաւորները, այցելութիւններն ու պտոյտները: Ան շեշտեց, թէ ի՛նք եւս հպարտ է իր ծնողներուն նման Ե. Մանուկեան քոլեճի շրջանաւարտը ըլլալով: Գանթարճեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, ուսուցչական կազմին, քոլեճի բարերարներուն ու տնօրէններուն ու իր ու դասընկերներուն կողմէ խոստացաւ ըլլալ քոլեճին արժանի շրջանաւարտ, իրագործել վսեմ նպատակներ ու բարձր պահել քոլեճին անունն ու նշանաբանը: Ան իր խօսքը փակեց ցտեսութիւն յայտնելով դպրոցական կեանքի բաղկացուցիչ իւրաքանչիւր տարրին:
Խօսք առաւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Յակոբ Եագուպեան: Ան շեշտը դրաւ ծառայութեան ու յատկապէս մասնագիտական ծառայութեան վրայ` մաղթելով, որ աշակերտները քոլեճէն ստացած իրենց դաստիարակութիւնն ու ուսումը ի գործ դնեն ծառայելու իրենց շրջապատին: Ան նաեւ ուրախութիւն յայտնեց այն երեւոյթին համար, որ քոլեճին բոլոր շրջանաւարտները պիտի շարունակեն իրենց ուսումը: Առ այդ, ան ըսաւ. «Մասնագիտական ծառայութեան ընդմէջէն դուք պիտի դառնաք միջոցը` մեր բարձր բռնած արժէքները զետեղելու նոր պարունակի մը մէջ: Կը հաւատամ, որ դուք պիտի փափաքիք անցեալը վերարտադրել այնպիսի ձեւով, ուր հինը զետեղելով նոր պարունակի մէջ` ձեր դրոշմը պիտի տեղադրէք մեր արժէքներուն վրայ, նախքան զանոնք փոխանցելը յաջորդ սերունդին»: Ան շեշտեց, թէ շրջանաւարտները պարտին պահանջել իրենց տեղը, մինչ աւագ սերունդի ներկայացուցիչները պարտին քաջ գիտնալ, թէ իրենց դերը սոսկ երիտասարդներուն մուտքը ապահովել չէ հաւաքական կեանքէն ներս, այլ` վստահիլ անոնց: Իր խօսքի աւարտին տոքթ. Եագուպեան մաղթեց, որ շրջանաւարտները մեծ երազներ ունենան եւ հետապնդեն զանոնք` մեր ընկերութիւնը հաստատելով աւելի արդար հիմերու վրայ, մաղթելով նաեւ, որ անոնք ըլլան ղեկավար դիրքերու վրայ` թէ՛ հայկական եւ թէ՛ միջազգային առումով ու խօսքը փակեց շնորհաւորելով շրջանաւարտները, ծնողները, ուսուցիչներն ու տնօրէնը:
Ապա խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանը: Ան ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ, թէ այս պահը միայն շրջանաւարտներունը չէ, այլ` ամբողջ հայ ժողովուրդինը, պահ մը, որ որպէս յաղթական էջ կ՛աւելնայ հայոց պատմութեան էջերուն վրայ: Ան սրտանց շնորհաւորեց շրջանաւարտները, անոնց ծնողներն ու ուսուցիչները եւ խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով` աւելցուց. «Երկար տարիներ դուք վայելեցիք այս հայկական սիրելի տան մաքուր շունչն ու մթնոլորտը, վաղը հաւանաբար հանդիպիք դժուարութիւններու, մանաւանդ` կեանքի այլազան վնասաբեր փոթորիկներու, ազգին ու ինքնութեան դէմ փչող քամիներու. զգուշ եղէք, որ այս քոլեճին աւանդած բարոյական սկզբունքը ըլլայ վահան մը` ընդդէմ այդ բոլորին եւ ձեր մէջ չմարի հայու ջինջ հոգին ու նկարագիրը, հայկական դարաւոր ժառանգութիւնը»: Տնօրէնը մաղթեց, որ շրջանաւարտները միշտ վերադառնան քոլեճին սրբազան յարկը ու իրենց ձեռք բերած տարբեր մասնագիտութիւններով օգտակար հանդիսանան քոլեճին: Ապա ան նշեց, թէ աշակերտները պարտին շնորհակալ ըլլալ իրենց ծնողներուն, եւ հրաւիրեց զանոնք բեմէն իջնելու սրահ ու ծաղկեփունջերով պատուելու իրենց ծնողները:
Ապա տնօրէնը մաղթեց, որ աշակերտները շնորհակալ ըլլան նաեւ իրենց ուսուցիչներուն, դասընկերներուն ու Աստուծոյ: Ան անդրադարձաւ նաեւ Սուրիայէն ժամանած աշակերտներու մեծ թիւին, որոնք սակայն գրկաբաց ընդունուելով բոլորին կողմէ` կարճ ժամանակ ետք դարձան հարազատ Ե. մանուկեանականներ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Տիկնանց յանձնախումբի կիներուն, խնամակալութեան, Ուսումնական խորհուրդին եւ սրբազան հօր:
Տնօրէնը նաեւ յայտարարեց, թէ յառաջիկայ տարի կենսաբանական եւ ընկերատնտեսագիտական բաժանմունքներուն կողքին, քոլեճը պիտի օժտուի 12-րդ դասարանի ուսողութեան բաժանմունքով:
Իր խօսքի աւարտին, Զ. Ղազարեան բեմ հրաւիրեց ու «100% Ե. մանուկեանական ընտանիք» յուշանուէրով պատուեց Գանթարճեան ընտանիքը: Քոլեճի նախկին շրջանաւարտներ` Խաչիկ եւ Ալին Գանթարճեանները, որոնք իբրեւ խնամակալ ու ուսուցչուհի կը շարունակեն սատարել քոլեճի վերելքին եւ իրենց զաւակները` Լոռին եւ Լարան կը յաճախեն միեւնոյն քոլեճը, եւ որոնցմէ երէցը կը ստանայ իր վկայականը:
Ապա բեմ բարձրացաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ խօսք առնելով` անդրադարձաւ հայ մօր սրբազան առաքելութեան: Ան երախտագիտութեան խօսք ուղեց ծնողներուն, որոնք բարձր գիտակցութեամբ իրենց զաւակները հայկական դպրոց առաջնորդած են եւ շեշտեց, որ հայ մայրն է, որ հայկական դպրոց կ՛առաջնորդէ իր զաւակները եւ հայ դպրոցն է, որ կը կերտէ ապագայի տիպար հայ մայրերը:
Առաջնորդ սրբազանը դրուատեց տնօրէնութիւնն ու ուսուցչակազմը եւ շեշտեց, որ քոլեճը իր լաւագոյն ընթացքին մէջն է` գոհունակութիւն պատճառելով Ուսումնական խորհուրդին: Ան թելադրեց, որ ծնողները եւս բոլորուին քոլեճին շուրջ` քաջալեր ու զօրավիգ հանդիսանալով անոր: Սրբազան հայրը շրջանաւարտ սերունդը կոչեց «Աւանդապահ սերունդ»` հաստատելով, որ անոնք գիտեն իրենց փոխանցուած աւանդին արժէքը, ու պիտի դառնան ապագայ հայ ընտանիքին աւանդապահ մայրերն ու հայրերը:
Առաջնորդ սրբազան հօր եւ քոլեճի տնօրէնին ձեռամբ վկայական ստացան`
Կենսաբանագիտական բաժանմունքէն` Գանթարճեան Լոռի, Մինասեան Նայիրի, Պարսումեան Շանթալ, Սասունեան Նայիրի, Սիուֆի Գարին, Տիշոյեան Ռուզան, Ասատուրեան Գէորգ, Աւետիսեան Հրաչ, Գումաշեան Անտրէ, Գուտուզեան Կրեկորի, Ռուսիալեան Մանուկ, Պարտիզպանեան Հրակ- Յարութ, Փանոսեան Պալիկ, Ֆաթալ Սերժ:
Ընկերատնտեսագիտութեան բաժանմունքէն` Աշճեան Փաթիլ, Գրաճեան Լարա, Էօրտեքեան Մարիլին, Մարկոսեան Ռուբինա, Մոմճեան Անի, Սարգիսեան Նանար, Պարտագճեան Լարա, Վարդանեան Փաթիլ, Տօնապետեան Սօսի, Քընտերժի Կրէյս, Թալաթինեան Ցոլակ, Կոստանեան Վանանդ, Պետրոսեան Հրակ, Տարագճեան Քրիստ, Քեթենճեան Նժդեհ, Քէօսէեան Ճեֆրի:
Ձեռնարկին պաշտօնական բաժնի աւարտէն ետք ներկաները իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին շրջանաւարտներուն, որմէ ետք քոլեճի փոքր սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

