Տապանագիր
ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆ
Հանդէպ վաղամեռ իմ քերթողներուն
Մեղք գործողի պէս ապրեցայ երկար:
Անոնց կեանքին դէմ կարծես զառիկ թոյն
Ըլլար ամենայն տարիք ու տոմար:
Բայց դասալիքներ էին իմ աչքին
Երգիչներ` Եղիա, Եսենին, Ներվալ,
Եւ նոյնիսկ մարտիկ Մայակովսկին
Կրցաւ իր թինդով միայն նվնվալ…
Գիտէի ելքերն անոնց դէպի մահ`
Պայթիւն մը սրտիս ու կապ մը վիզէս,
Չէ՞ որ տարինե՜ր ափ առին ի՛մ ալ
Դուռըս «անկոչներ», հոգեգէշի պէս:
Մեռայ բարեբախտ, որ չհեղձեց զիս
«Դժոխքի մ՛հանգոյն ներսըս» փրփուրոտ,
Եւ որ եղնօրէն` ծիլ խոտը դունչիս,
Չխողխողեցայ թուրքին թո՛ւրք թուրով…
CATEGORIES Գրական